Ել. Գիրքերու Շարքի Մասին
ՀՀՀ մուլթիմետիա ել. գիրքերու շարքը ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի նորարարական վերջին նախաձեռնութիւններէն է։
Առցանց լսարանէն մինչեւ հասարակութեան աւելի լայն զանգուածներուն հասանելի դառնալու համար, ՀՀՀ-ն կը ներկայացնէ բազմաբնոյթ հարթակի վրայ ստեղծուած գիրքերու նոր շարք, որ հասանելի կը դառնայ web-browser-ներ եւ փլանշէթներ օգտագործողներուն։
Շարքը կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմութիւնը, մշակոյթը, զբօսաշրջութիւնը եւ կ՛ընդգրկէ ժամանակակից նիւթեր, տնտեսութեան, քաղաքականութեան, ժողովրդային մշակոյթի եւ արդի այլ թեմաներու մասին։
Հանրամատչելի ել. գիրքերը ներկայացուած են այնպիսի լեզուով եւ ոճով, որ կը բաւարարէ ընթերցողներու հետաքրքրութիւնն ու ճաշակը։ Առաւել, մուլթիմետիա ել. գիրքերու շարքը պատրաստուած է ակադեմական խստութեամբ եւ կրնայ ծառայել իբրեւ գիտական աղբիւր:
Բաղդատական մօտեցումին շնորհիւ, ել. գիրքերը աւելի գրաւիչ են, բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն գիտելիքներ ստանալ Հայաստանի մասին եւ ծանօթանալ համաշխարհային պատմութեան եւ մշակոյթին բերած մեր նպաստին։ Պատումները զուգորդուած են գրաւիչ տեսարժան նկարներով, տեսողական ազդակներով եւ տեսաերիզներով:
Ընթերցողները կրնան գնահատել իրենց առաջընթացը ինքնագնահատման քննութիւններու միջոցով, հետեւելով իրադարձութիւններու ժամանակագրութեան եւ օգտագործելով հարուստ բառարանը՝ ուսումնառութեան ընթացքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար։
ՀՀՀ մուլթիմետիա ել. գիրքերու շարքը հասանելի եւ մատչելի է ։
Ներբեռնէք զայն մի քանի վայրկեաններու ընթացքին։ Բաժանորդագրութիւնը անվճար է։