ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Seite 181

Հեղինակի Մասին

ՀԲԸՄ-ը ,1906-ին հիմնուած, շահ չհետապնդող, աշխարհի ամենամեծ հայկական կազմակերպութիւնն է, որուն կեդրոնը Նիւ Եորքն է։ ՀԲԸՄ-ը կը պահպանէ եւ կը տարածէ հայկական ինքնութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը, կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներու միջոցով, ծառայելով աշխարհի չորս կողմը տարածուած 400,000 հայերու ։

ՀԲԸՄ-ի եւ իր համաշխարհային ծրագիրներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելեցէք՝

www.agbu.org :

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) (www.avc-agbu.org) հաստատուած առցանց ուսումնառութեան ծրագիր մըն է, որ կը դիւրացնէ հայկական նիւթերու ուսուցումը՝ արդի ճարտարագիտութեան միջոցով։

ՀՀՀ մութիմետիա ել. գիրքերու շարքը, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի դասընթացքները ներկայացուած են եօթը լեզուներով՝արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն։

ՀՀՀ-ն իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ 2009-էն։ Դասընթացները տրամադրուած են բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայկական կրթութեամբ։ ՀՀՀ-ն առցանց լսարաններ կ՚ապահովէ այն ուսանողներուն, որոնք աւանդական, հայկական ուսումնական ծրագիրներու հետեւելու միջոց չունին ։

2014-ին մեկնարկած ել. գիրքերու շարքով, ՀՀՀ -ը կ՚ընդարձակուի նոր եւ հետաքրքրական ուղղութիւնով։ Ել. գիրքերու շարքը կը ներկայացնէ Հայաստանի մասին նիւթեր, ինչպէս՝ պատմութիւն, մշակոյթ, զբօսաշրջութիւն եւ կը պարփակէ ժամանակակից նիւթեր, տնտեսութեան, ժողովրդային մշակոյթի եւ արդի այլ նիւթերու մասին։

ՀՀՀ-ն կը գործակցի ամբողջ աշխարհի մէջ գործող կրթական հիմնարկներու, համայնքային կեդրոններու եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք բացառիկ ներդրում ունին ՀՀՀ-ի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկատուութեան տարածման եւ ծրագիրի իրազեկման աշխատանքներուն մէջ։

Մինչեւ այսօր, ՀՀՀ-ն ունի աշակերտներ աշխարհի աւելի քան 75 երկիրներէ. ԱՄՆ-էն մինչեւ Ռուսիա եւ Հարաւային Ափրիկէէն, մինչեւ Վենեզուելլա։ ՀՀՀ-ի ել.գիրքի ընթերցումը ունի աւելի տարածուն աշխարհագրութիւն . նշուած է տարեկան 10,000 ներբեռնում։

Զբօսաշրջային «Բացայայտէ Երեւանը» ել. գիրքը մշակուած է , որպէսզի ձեր ժամանցը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ եւ հաճելի ՝ Երեւանի եւ շրջակայքի մէջ։

ՀՀՀ-ի աշխատակազմը ոչինչ խնայեց, որ մուլթիմետիա ել.գիրքը, որքան հնարաւոր է, հաճելի ըլլայ ընթերցողներուն համար։ Մենք ուրախ կ՚ըլլանք, եթէ տեղեկացնէք ձեր ընկերներուն եւ ընտանիքի անդամներուն այս գիրքի մասին։

Շնորհակալ կ՚ըլլանք, եթէ մեզի տեղեակ պահէք

« Բացայայտենք Երեւանը » ել. գիրքի վերաբերեալ ձեր կարծիքները եւ դիտողութիւնները , մեր յետագայ հրապարակումները բարելաւելու եւ մեր բաժանորդներուն աւելի լաւ ծառայելու համար։

Մենք կը փափաքինք , որ արտայայտէք ձեր թելադրութիւնները յաջորդ մուլթիմետիա ել. գիրքերու նիւթերուն եւ ձեւաչափերուն մասին։ Մինչ այդ, ՀՀՀ-ի ելեկտրոնային գիրքի աշխատակազմը պիտի հետազօտէ Հայաստանի գանձերը, որպէսզի իր ընթերցողներուն ներկայացնէ գրաւիչ նիւթ մը եւս։