ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 133

Արգելոցը կը գտնուի Արարատի մարզ, Երեւանի հարաւ-արեւելքը, ծովի մակերեսէն 1,600-2,300 մ./5,249.34-7,545.93 ոտք բարձրութեան վրայ: «Արեւորդի» էկօ զբօսաշրջիկային ընկերութիւնը կը կազմակերպէ յատուկ արշաւներ դէպի Խոսրովի Պետական Արգելոց: Արշաւը կարելի է սկսիլ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի էկօ-կեդրոնի մէջ մատուցուող նախաճաշով, որուն կը յաջորդէ այցելութիւնը դէպի Խոսրով գիւղ։ Այստեղ կը գտնուին հին

գիւղի աւերակները: Խոսրովի Պետական Արգելոցը եւ իր շրջակայ տարածքը հարուստ են պատմական վայրերով: Գեղարդի վանքը (12-րդ դար) կամ Գառնի գիւղն իր Գառնի հեթանոսական տաճարով (1-ին դար) եւ Գառնի ամրոցով կրնան դառնալ Խոսրովի Պետական Արգելոց արշաւի սկզբնակէտը: Այնուհետեւ, արշաւի մասնակցողները կրնան այցելել Հաւուց Թառ միջնադարեան լքուած վանական համալիրը (10-րդ դար) եւ Սուրբ

Ստեփանոս վանքը (11-րդ դար) ու իջեւանել Կերպիկենդ գիւղի աւերակներու մօտ՝ վրաններու տակ: Յաջորդ օր, կրնան բարձրանալ դէպի Կաքաւաբերդ ամրոց (10-րդ դար): Ազատ գետի ափերուն քալելով, կարելի է այցելել Ազատ քարայրը, որ միջին դարերուն, բնակեցուած էր: Արշաւը կը շարունակուի, քալելով Դարբանդ գետի երկայնքով, դէպի Խոսրով գետի հովիտ գտնուող օդերեւութաբանական լքուած կայան։ Ապա կը սկսի Ուրցաձոր գիւղի մօտ անտառապահներու կայանէն ձգուող զառիվայրը:

Ե՞րբ Մեկնիլ Արշաւի - Կլիմայ

Արշաւի մասնակցելու լաւագոյն շրջանը Մայիսէն մինչեւ Նոյեմբեր ժամանակահատուածն է: Արշաւը դէպի Խոսրովի Պետական Արգելոց կը պահանջէ 4-5 օր:

Գեղարդի Վանք

Հեղինակային իրաւունք՝ Վիգէն Հախվերտեան

Կաքաւաբերդ Ամրոց

Կաքաւաբերդ ամրոցի պաշտպանական պարիսպները եւ բարձր աշտարակները լաւ պահպանուած են: Բերդի մէջ կը

գտնուին եկեղեցւոյ եւ այլ կառոյցներու աւերակները։ Իր դիրքին պատճառով, ամրոցն անառիկ է երեք կողմերէն: Առաջին անգամ, ամրոցի մասին

կարդալ աւելին

Խոսրովի Պետական Արգելոց