ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 103

4.5 Մեծամօրի Ամրոց-Հնագիտական Վայր

Առաջնորդով շրջապտոյտի մը մասնակցեցէք դէպի Մեծամօրի Ամրոցի հնագիտական վայրը , որ կը գտնուի Տարօնիկ

գիւղին մօտ, Ակնալիճի արեւելքը, 4քմ. /2.4 մայլ

հեռաւորութեան վրայ եւ Վաղարշապատի արեւմուտքը

10քմ. /6.2 մայլ հեռաւորութեան վրայ: Վայրը բնակուած եղած է Ն.Ք. 5-րդ հազարամեակէն սկսեալ, մինչեւ 18-րդ դար( Ք. Ե. ) :

1968-ին Մեծամօրի մէջ բացուեցաւ Պատմութեան եւ Հնագիտութեան Թանգարանը, որ 22.000 ցուցանմոյշ կը պարունակէ, որոնք մեծամասնութեամբ պեղուած են այս վայրէն:

Խաչքարի Արուեստը

Խաչքարերը քանդակուած յուշ քարեր են: Այս զարդարուն քանդակներուն վրայ կայ խաչ, խաչի փրկչական խորհրդանիշը, յաւիտենականութեան պատկերացումը եւ այլ զարդեր: Խաչքարերը կանգնած կ՛ըլլան բացօթեայ: Խաչքար քանդակելու արուեստը հասած է մեր օրերուն եւ կը շարունակուի

մնալ որպէս ժողովրդական արուեստ Հայաստանի մէջ: Խաչքարերը եւ անոնց ձեռային աշխատանքը արձանագրուած են UNESCO-ի Անհպելի Մշակութային Ժառանգութեան ցուցակին մէջ:

Առաջին խաչքարերը երեւցան 9-րդ դարուն, Հայաստանը արաբական տիրապետութենէն ազատուելէ ետք: Ամենահին խաչքարը որ տարեթիւ ունի, քանդակուած է 879-ին:

կարդալ աւելին

- Երեւանի Արեւմտեան Կողմը

Շրջապտոյտ 4

4.1 Մուսալեռ Յուշարձան ParkMatenadaraCascade

4.2 Վաղարշապատի ԵկեղեցիներըВ

4.3 Մայր Աթոռ

4.4 Մաչանենց Կեդրոն

4.5 Մեծամօրի Ամրոցը

4.6 Զուարթնոց