4.4 Մաչանենց Կեդրոն
Էջմիածինի մէջ միսի սիրահարները պէտք է փորձեն «Էջմիածինի Քիւֆթէն», որ հայկական խոհանոցի նշանաւոր ճաշատեսակ մըն է, պատրաստուած ծեծուած միսով:
Կրնաք հում քիւֆթէն գնել տեղական շուկայէն: Եթէ կ՛ուզէք ձեր հանգիստն ու ճաշը հաճելի ժամանցի մը միացնել, տեղական մշակոյթին ծանօթանալու համար, ապա այցելեցէք Մաչանենց Զբօսաշրջութեան եւ Արուեստի Կեդրոնը: Ան զբօսաշրջիկներուն կ՛ընձեռէ առիթը ծանօթանալու Հայկական կենսաձեւին, եւ համտեսելու աւանդական ճաշատեսակներ եւ խմիչքներ: Այցելուները կրնան սորվիլ գորգագործութեան, կաւագործութեան, պարի եւ խոհարարութեան արուեստը:
Գինետունը առիթ կու տայ այցելուներուն որ ծանօթանան հայկական գինի պատրաստելու պատմութեան, իսկ հացատան մէջ կարելի է տեսնել, թէ ինչպէս կը պատրաստուի Հայկական Լաւաշը: Կեդրոնը ունի մանուկներու արուեստի դպրոց, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ արուեստագէտներու ցուցասրահ: Այս վայրը այցելելու համար, նախօրօք ժամադրութիւն առնելու է: Բնութեան սիրահարները
կրնան պտոյտ մը կազմակերպել դէպի Ակնայ, կամ Ակնալիճ: Ակնալիճը կը գտնուի 13քմ./ 8 մայլ (մղոն) հեռաւորութեան վրայ Վաղարշապատէն, Երեւան-Արմաւիր խճուղիին վրայ: Կը սնի ստորգետնեայ ակերէն ։ Այս փոքր լիճը Մեծամօր Գետի աղբիւրներէն մին է: Ակնալիճի մակերեսը մէկ քառակուսի քմ. է միայն/ 0.38 քառակուսի մայլ: Կրնաք լիճ երթալ Երեւանէն Արմաւիր գացող հանրակառքով, կամ Վաղարշապատէն՝ թաքսիով, որ կրնայ 1,500 դրամ արժել: Պտոյտը դէպի Ակնալիճ, կարելի է նաեւ հեծանիւով ընել:
Ակնալիճ
- Երեւանի Արեւմտեան Կողմը
Շրջապտոյտ 4
4.1 Մուսալեռ Յուշարձան ParkMatenadaraCascade
4.2 Վաղարշապատի ԵկեղեցիներըВ
4.3 Մայր Աթոռ
4.4 Մաչանենց Կեդրոն
4.5 Մեծամօրի Ամրոցը
4.6 Զուարթնոց