ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 99

99

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Քարահունջը աշխարհի ամենահին աստղադիտարանն է: Քարերը աստղագէտներուն կարեւոր տեղեկութիւններ յայտնած են տիեզերքի մասին: Քարահունջը նաեւ կրթական կեդրոն եղած է: Ըստ Պարիս Հերունիի` Քարահունջը երեք գործառոյթ ունեցած է` Հին Հայաստանի գլխաւոր աստուած Ար-ի (արեւ) եւ անոր քարտուղար` գիտութեան, գիրի եւ արուեստի հովանաւոր Տիր աստուծոյ տաճար, մեծ ու զարգացած աստղադիտարան եւ համալսարան: Քրիստոնէութեան տարածման վաղ շրջանին Զօրաց քարերէն շատերուն վրայ խաչեր փորագրուած են, մէկ մասը ամբողջութեամբ փորագրազարդ խաչքարերու վերածուած են, եւ միայն վրայի կլոր անցքերը կը վկայեն անոնց նախնական նշանակութեան մասին։