Ըստ «Աշխարհացոյցի»` Մեծ Հայքը 15 խոշոր նահանգներու բաժնուած է, որոնք իրենց ընդարձակ տարածքին շնորհիւ անուանուած են« Աշխարհներ»։ Անոնք են` Գուգարքը, Տայքը, Բարձր Հայքը, Ծոփքը, Աղձնիքը, Տուրուբերանը, Կորճայք, Մոկքը, Վասպուրականը, Պարսկահայքը, Փայտակարանը, Ուտիքը, Արցախը, Սիւնիքը եւ Այրարատը։
Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Նեմրութ Լերան Շրջակայքի Հայոց Աստուածներու Սրբավայրը
Նեմրութ լերան (այժմ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին՝ Վանայ լիճի մօտակայքը) շրջակայքին մէջ հայոց աստուածներու սրբավայրն է: Հոն կանգնեցուած են Հին Հայաստանի գերագոյն աստուած, երկինքի եւ երկրի արարիչ Արամազդի, մայրութեան, բերքի եւ պտղաբերութեան աստուածուհի Անահիտի, երկնային լոյսի եւ արեգակի աստուուած Միհրի, իմաստութեան ու գիտության աստուած Տիրի, եւ ամպրոպի, կայծակի ու քաջութեան աստուած Վահագնի արձանները, ինչպէս նաեւ արքայական արձաններ: Սրբավայրը կառուցուած է մեզմէ աւելի քան 2000 տարի առաջ եւ դասական արեւապաշտութեան յուշարձանախումբ է: Վերջինս կառուցուած է Հայկական կամ Արեւելեան Տաւրոսի լեռնաշղթային վրայ ծուարած թագաւորութեան` Քոմմակենէի արքայ Անտիոքոս Ա Քոմմակենացիին կողմէ (Ք.ա. 70-34 թթ.): Այն կառուցուած է 2100 մ. բարձրության վրայ եւ կոնաձեւ է: Կը պարունակէ արձանախումբեր, արքայատոհմի զինանշանները` առիւծ եւ արծիւ, ինչպէս նաեւ արքայի համաստեղութիւնը` առիւծի քանդակով:
81