ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 80

Հայաստանի հնագոյն շրջանի տարածքի եւ վարչական բաժանումի վերաբերեալ յիշատակութիւններ ըրած են անթիք յունա-հռոմէական պատմիչներ եւ աշխարհագէտներ Հերոդոտոսը, Քսենոփոնը, Սթրապոնը, Փլինիոս Աւագը, Պտղոմէոսը եւ օտարազգի այլ հեղինակներ։ Վաղնջական ժամանակներուն Հայկական լեռնաշխարհի վրայ յաճախ միաժամանակ երկու, երբեմն ալ աւելի պետութիւններ գոյութիւն ունեցած են` ինչպէս Մեծ Հայքը (օտար հեղինակներու կողմէ յիշատակուող Արմենիա մայորը) եւ Փոքր Հայքը (Արմենիա մինոր)։ Ք.ա. 3-րդ դարու կէսերուն Մեծ Հայքի թագաւորութենէն առանձնացաւ նաեւ Ծոփք-Քոմմակենէի թագաւորութիւնը, որ իր կարգին բաժնուեցաւ Ծոփքի եւ Քոմմակենէի թագաւորութիւններու։

Պատմական Ակնարկ

80