Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
2008 թուականին Արենի թիւ 1 քարանձաւի մէջ յայտնաբերուած է աշխարհի ամենահին` տրեխը` կաշիէ պատրստուած կօշիկը, որ ըստ հնագէտներու կովու կաշիով պատրաստուած է: Կօշիկը շուրջ 5500 տարուան պատմութիւն ունի: Այս տեսակի կօշիկներ Իռլանդայի բնիկները մօտ 50 տարի առաջ կ'օգտագործէին։ Կօշիկը հետազօտած են Հայաստանի, Իռլանդայի, ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ ՄԵծ Բրիտանիոյ գիտնականները։ Կօշիկին տարիքը պարզած են Օքսֆորտի եւ Քալիֆորնիոյ գիտաշխատանոցներուն մէջ: Յայտնաբերելու ժամանակ կօշիկը լեցուած եղած է չորցած խոտով, որուն նպատակը գիտնականները դեռ չեն պարզած: Կօշիկը եւրոպական թիւ 37 չափին կը համապատասխանէ: Այն արդէն տեղափոխուած է Հայաստանի պատմութեան թանգարան: 2010 թ. Արենի թիւ 1 քարանձաւէն յայտնաբերուած են նաեւ գինիի կարասներ, որոնք աւելի քան 6000 տարեկան են: Գինիի կարասներուն տարիքը անոնց հողին պահ տրուած տարիքը ունին: Կարասներէն մէկուն մէջ հիանալի պահպանուած խաղողի որթատունկ գտած են, խաղողի չամիչի վերածուած հատիկներով: 2011 թ. Սեպտեմբեր 13-ին, Արենիի քարայրէն յայտնաբերուած է նաեւ աշխարհի հնագոյն զգեստներէն մէկը, որ աւելի քան 5000 տարեկան է: Զգեստը հիւսուած է երկգոյն ծղօտով եւ լաւ պահպանուած է:
75