Բուսական Եւ Կենդանական Աշխարհը
Հինէն ի վեր ընտանի կենդանիներէն տարածուած են ոչխարը, այծը, կովը, գոմէշը, ձին, էշը, ինչպէս նաեւ բազմազան թռչուններ, գլխաւորաբար հաւ, բադ, սագ։ Վայրի կենդանիներէն տարածուած են գայլը, աղուէսը, արջը, վարազը, նապաստակը, եղնիկը, այծեամը եւ եղջերուն։ Վայրի թռչուններէն են արծիւը, անգղը, բազէն, արագիլը եւ կաքաւը։ Ըստ սեպագիր աղբիւրներու` հնագոյն ժամանակներուն Հայաստանի հարաւային մասին մէջ փիղեր եղած են, ջայլամներ եւ առիւծներ, որոնցմէ վերջիններուն մասին յիշատակութիւն կայ նաեւ «Աշխարհացոյց»-ին մէջ:
74