Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Մասիսի հիւսիսարեւելեան լանջին վաղ միջնադարուն Սուրբ Յակոբի վանքը հիմնուած է, որմէ ոչ շատ հեռու սառնորակ աղբիւր մը կը բխէր: Առաջ այդ աղբիւրը Անահիտ աստուածուհիին նուիրուած էր եւ Անահտական կը կոչուէր: Ժողովուրդը բուժիչ յատկութիւն կը վերագրէր այդ աղբիւրին: Անոր ջուրով կը ցօղէին նաեւ դաշտերը՝ բերքը մորեխներէն պաշտպանելու համար: Վանքը եւ աղբիւրը, ինչպէս նաեւ դրացի հինաւուրց Ակոռի գիւղը կործանած են 1840 թ. երկրաշարժէն: Իսկ Մասիսի հիւսիսարեւելեան լանջին գոյացած խորխորատը, որ յայտնի է «Մասեաց Վիհ» (Մասիսի Փոս) անունով, մօտ 10 քմ. կ'երկարի գագաթէն մինչեւ ստորոտ, եւ մերձգագաթնային մասին մէջ աւելի քան 1000 մ. խորութիւն ունի: Պատմհայր Մովսէս Խորենացին Մասեաց վիհին յառաջացումը 139 թ. ահեղ երկրաշարժին հետ կը կապէ: Հոս երկրաշարժերը կրկնուած են նաեւ 1319, 1679, 1840, 1887 թուականներուն: Ըստ հնագոյն ժողովրդական զրոյցի՝ Մասեաց Վիհին մէջ շղթայուած եղած է հայոց ահեղ թագաւոր Արտաւազդը, որ իր հաւատարիմ գամփռներու օգնութեամբ կը ջանայ կապանքներէն ազատիլ եւ տիրել աշխարհին:
63