ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 59

59

Կարմիր Բլուրի (Թեյշեբայինի) ամրոցէն յայտնաբերուած է աւելի քան 2500 տարուան կեանք ունեցող 480 կարասով գինիի պահեստարան: Տարեգրութիւններու մէջ պահպանուած վկայութիւններ կան այն մասին, որ Ուրարտական թագաւորութեան տարածքին յատուկ ուշադրութեան արժանացած էր խաղողագործութիւը: Մեզի հասած պատմական տեղեկութիւնները կը յիշատակեն գինիի եւ գարեջուրի պատրաստման տարբեր հնարքներու մասին: Երկար տարիներու ընթացքին գինիի արտադրութեան աւանդոյթները խնամքով պահպանուած են:

Ամէն տարի Արենի գիւղի մէջ տեղի կ'ունենայ արդէն աւանդոյթ դարձած «Գինիի փառատօն»-ը: Փառատօնը հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ յայտնաբերելու Հայաստանը, սովորութիւնները, համտեսելու լաւագոյն հայկական գինիներու տեսականին: Արենի գինիի յիշեալ տօնախմբութիւնը կը բացուի լաւագոյն գինեգործներու պայծառ ու գոյնզգոյն, տպաւորիչ շքերթով՝ երգ ու պարի համադրութեամբ: