57
Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Նուռ
Արեւելեան ժողովուրդները «Նուռը» ընդունած են որպէս պտուղներու արքայ ոչ միայն իր համին եւ ունեցած բուժիչ յատկութիւններուն, այլեւ իր գլխիկի թագաձեւ հաւելոյթին համար:
Տեսակէտ մը կայ, ըստ որուն, հին ժամանակներու արքայական թագի նախատիպը նուռին «թագէն» առնուած է: Հայ մանրանկարչութեան, որմնանկարչութեան, գորգագործութեան եւ քանդակագործութեան մէջ վաղ շրջաններէն նուռի պատկերներ կը տեսնենք:
Հայկական խաչքարերու մեծմասի քիւերուն կարելի է նուռի քանդակներ տեսնել: Նուռը հայ ժողովուրդի խորհրդանիշերէն մէկն է: Բազմավաստակ նկարիչ եւ ֆիլմի բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի (1924-1990) հանրաճանաչ «Նռան Գոյնը» ֆիլմին մէջ նուռը սպաննուած հայերու արեան խորհրդանիշն է:
Նուռի հատիկները հայ ժողովուրդը կը ներկայացնեն, որ ցեղասպանութենէն ետքսփռուեցան աշխարհի չորս կողմը: