Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Շաքիի (նաեւ՝ Շաքէի) ջրվէժը ՀՀ Սիւնիքի մարզին մէջ է՝ Սիսիան քաղաքէն հիւսիս-արեւմուտք՝ Որոտանի կիրճին մէջ: Տեղանքը հարուստ է ժայռերով եւ քարայրներով, ուր յայտնաբերուած են Փալէոլիթի ժամանակաշրջանին վերաբերող մարդու գործունէութեան հետքեր եւ աշխատանքային գործիքներ: Շաքիի ջրվէժին անունը դրուած է ի պատիւ գեղեցկուհի Շաքէի: Ըստ աւանդութեան,՝ օտար նուաճող մը, տեսնելով Շաքէ անունով աղջկայ մը գեղեցկութիւնը, կը սիրահարի եւ անոր կը հրամայէ իրեն ներկայանալ։ Շաքէն, կը մերժէ ենթարկուիլ եւ բարձր ժայռէ մը վար կը նետէ ինքզինք։ Իյնալու պահուն, գեղեցկուհիին երկար հագուստը հովէն կը բացուի եւ կը վերածուի ջրվէժի, որ կ'անուանուի Շաքիի ջրվէժ։ Ջրվէժին հետ կապուած ուրիշ հետաքրքրական աւանդութիւն մըն ալ կայ: Ըստ այդ աւանդութեան՝ Գեղարքունիքի գաւառէն 93 գեղեցիկ աղջիկ բռնի կը ղրկեն Մուղանի մէջ բանակ տեղակայած զօրավարին: Երբ գերի աղջիկներուն քարաւանը կը հասնի հոն, աղջիկները կը մտածեն փախչիլ. անոնք կը դիմեն իրենց առեւանգիչներուն, ըսելով, թէ աղտոտած են եւ գետին մէջ լոգնալ կ'ուզեն: Առեւանգիչները կը համաձայնին: Աղջիկները կը նետուին Որոտանի ալիքներուն մէջ ու կ'անհետանան: Միայն Շաքի անունով կապուտաչ աղջիկ մը, Որոտան թափուող գետակին մէջէն փախչելով, կը փորձէ ազատիլ: Առեւանգիչները կը հասնին անոր, սակայն նոյն վայրկեանին գետակին մէջ ժայռ մը կը խոյանայ հրաշքով, եւ ջուրը ժայռին վրայէն գահավիժելով, իր ճերմակ փրփուրներուն տակ կը քօղարկէ Շաքին: Այդ օրուընէ ջրվէժը Շաքիի ջրվէժ կոչուեցաւ:
51