ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 49

Ան չորս կղզի ունի՝ Աղթամար, Կտուց, Լիմ եւ Արտեր։ Ամենամեծը Աղթամարն է, որուն վրայ 10-րդ դարուն Գագիկ Ա. Արծրունի թագաւորին կառուցած Ս. Խաչ եկեղեցին է։

Աւանդութիւն

Աղթամար

«Աղթամար» անունին ծագման մասին ժողովուրդը բանաստեղծական ոգիով ստեղծուած գեղեցիկ աւանդութիւն մը ունի, որ կը պատմէ այն մասին, թէ ամէն գիշեր սիրահար պատանի մը լողալով կղզի կը հասնի, իր սիրելի Թամարը տեսնելու։

Տղան դէպի մութ ու խաւար կղզին Թամարին վառած խարոյկը առաջնորդած է։ Օր մը, երբ ամէն անգամուան պէս ծով կը մտնէ, չի տեսներ Թամարին առաջնորդող լոյսը եւ ծովուն մէջ մոլորելով կը խեղդուի։

Ջրահեղձը կարծես կը կրկնրէր` «Ախ, Թամար»։ Այդպէս ալ կղզին կոչուեցաւ «Ախթամար»։ Այդ անունը ժամանակի ընթացքին ձեւափոխուելով դարձաւ «Աղթամար»։

Սիրային այս գեղեցիկ աւանդութիւնը դարձած է Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) «Ախթամար» -ի կայուն պատմութիւնը /սիւժէն/:

49