Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Տիգրիս գետը ոգեշնչած է ամերիկահայ վիպասան Փիթր Պալաքեանը, եւ վերջինս «Այրող Տիգրիսը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի Արձագանքը» անունով գիրք գրած է: Գիրքը կը ներկայացնէ 1890-ականներու հայերու կոտորածները եւ 1915-ին Օսմանեան կառավարութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Օգտագործելով արխիւային փաստաթուղթեր եւ ականատեսներ՝ Փիթր Պալաքեան կը ներկայացնէ այն պատմութիւնը, թէ երիտթուրքերը ինչպէս ներգրաւուած են Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման մէջ: Գիրքը 2005-ին ստացած է Ռաֆայէլ Լեմկինի անուան մրցանակ եւ համարուած է Նիւ Եորք Թայմզի նշանաւոր գիրքը եւ ազգային ամէնէն աւելի վաճառուող գիրքը:
41