ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 29

Աւանդութիւն

Մասիսը եւ Արագածը

Մասիսի եւ Արագածի մասին ժողովուրդը հետեւեալ աւանդոյթը կը պատմէ: Ժամանակին Մասիսն ու Արագածը իրար սիրող քոյրեր եղած են եղեր։ Օր մը կը կռուին։

Մէկը կ'ըսէ. «Լաւը ես եմ, քեզմէ բարձր եմ», միւսն ալ կ'ըսէ թէ՝ «Ես թէ' աւելի բարձր, թէ' ալ աւելի գեղեցիկ եմ»։ Մարութայ Լեռը կու գայ եւ կը փորձէ հաշտեցնել քոյրերը: Երբ կը տեսնէ, որ դժուար է խաղաղութիւն վերահաստատել, կը հեռանայ եւ կ'անիծէ զանոնք:

Անոր անէծքը չարագուշակ էր. Մասիսն ու Արագածը թող իրարմէ այնպէս բաժնուին, որ անգամ մըն ալ չհանդիպին»։ Իր կարգին Մասիսը Արագածին կ'անիծէ, որ վիշտը իր սիրտէն բնաւ դուրս չելլէ, եւ արցունքը չպակսի աչքերէն։

Արագածն ալ Մասիսին կ'անիծէ, որ վիշտէն չորնայ եւ ոչ որեւէ մարդ գագաթը ելլէ, ոչ ալ մէկը մատաղ ընէ հոն: Այդպէս ալ կը պատահի. Արագածի գագաթին արցունքէն լիճ կը գոյանայ, փէշերէն հազարաւոր աղբիւրներ կը բխին։ Իսկ Մասիսը կը ցամքի, կը չորնայ, ոչ ոք կը բարձրանայ գագաթը, ոչ ալ մատաղ կ'ընեն հոն։

29