Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Արարատ լեռը Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ պաշտօնապէս զբօսաշրջային վայր յայտարարուած է 1982-էն սկսեալ: Արարատ Լեռ բարձրանալու համար նախ պէտք է ստանալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան արտօնութիւնը:
Գերատեսչութիւնը զբօսաշրջիկներուն դիմումները կը ներկայացնէ Աղրըի եւ Իգդիրի նահանգապետերուն, որոնք իրենց կարգին պէտք է համաձայնեցնեն Բնապահպանութեան եւ
Անտառտնտեսութեան նախարարութեան հետ: Լեռ չբարձրացած պէտք է հոգալ բոլոր անհրաժեշտ պայմանները: Թուրքիայէն արտօնութիւնը ստանալէ ետք զբօսաշրջիկները սովորաբար լեռ կը բարձրանան քիւրտ ուղեկցողի մը օգնութեամբ, որովհետեւ լերան շրջակայքին մէջ բնակող քիւրտերը շատ լաւ կը ճանչնան տեղանքը: Անշուշտ բոլոր անհրաժեշտ իրերէն առաջ իւրաքանչիւր հայ չի մոռնար հետը առնել հայկական դրօշը, որ ստիպուած կը պահէ թուրքական կառավարութենէն եւ յետոյ իրականացնել իր նուիրական երազանքը՝ հայկական դրօշը կանգնեցնել Արարատ լերան գագաթին:
18
Լեռներ