Արարատը հայ ժողովուրդի սրբազան լեռն է, ազգային խորհրդանիշը: Անոր մասին բազում առասպելներ ու աւանդութիւններ հիւսուած են:
Ըստ Աստուածաշունչի՝ անիկա Ջրհեղեղէն փրկուած Նոյեան տապանին հանգրուանը եղած է,
Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Աստուածաշնչեան Արարատը
այդ պատճառով ալ ճանչցուած է նաեւ «Նոյեան Լեռ» կամ «Նոյեան Տապանի Լեռ» անուններով: Այդ մասին կը վկայեն Աստուածաշունչը եւ մեզի հասած բազմաթիւ գրաւոր աղբիւրներ: Հին Արեւելքին յաջորդած գրաւոր աւանդութիւնը (Բերոսոս, Ալեքսանդր Բազմավէպ, Աբիւդենոս, Յովսէպոս Փլաւիոս, Եւսեբէոս Կեսարացի, Մովսէս Խորենացի եւ ուրիշներ) հիմնուելով հինմիջագետքեան աղբիւրներու վրայ, Հայաստանը փրկութեան երկիր կը համարէ: Ըստ Յովսէպոս Փլաւիոսի «Հրեական Հնախօսութիւն» աշխատութեան` հայերը Նոյեան տապանին հանգրուանած լեռը «իջնելու տեղ» կոչած են: Աստուածաշունչի մէջ Արարատի լեռները որպէս փրկութեան վայր կը յիշատակուին (Ծննդոց, 8:1-4): Արարատ լերան եւ Նոյեան Տապանի մասին բազմաթիւ յիշատակումներ պահպանուած են նաեւ տարբեր ժողովուրդներու աւանդազրոյցներու մէջ:
17