ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 14

Աւանդութիւն

Հայոց Լեռներ

Ըստ աւանդութեան, ժամանակին, հայոց լեռները յաղթանդամ ու հսկայ եղբայրներ էին։ Ամէն առաւօտ, կանուխ արթննալով, անոնք սովորութիւն ունէին նախ կապել իրենց գօտիները եւ յետոյ զիրար ողջունել։ Տարիներ ետք, եղբայրները ծերացան եւ սկսան աւելի ուշ արթննալ։ Օր մըն ալ, հակառակ իրենց սովորութեան, արթննալէ ետք առանց գօտիները կապելու բարեւեցին զիրար։ Այդ տեսնելով, Աստուած բարկացաւ ու պատժեց եղբայրները։ Անոնք քարացան, լեռներ դարձան, գօտիները՝ կանաչ դաշտեր, իսկ քարացած եղբայրներուն արցունքներն ալ` անմահական աղբիւրներ։

Լեռները

Լեռնաշխարհի հսկայական տարածութեան վրայ կ'երկարին Փոքր Կովկաս, Հայկական Պար եւ Հայկական Տաւրոս լեռնահամակարգերը։ Փոքր Կովկասի լեռնաշղթան կը սկսի Սեւ ծովու ափերէն` Պաթումի քովէն, կը տարածուի դէպի արեւելք եւ հարաւ-արեւելք՝ Արաքս գետ, ընդգրկելով Ջաւախքի, Վիրահայոց, Գեղամայ, Փամպակի, Սիւնեաց եւ Արցախի լեռները։

14