ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 13

Հայկական լեռնաշխարհի տարածքի մասին պատմաբաններու եւ աշխարհագէտներու ուսումնասիրութիւններուն մէջ որոշ տարբերութիւններ կան, քանի որ հայ ժողովուրդի երկարամեայ պատմութեան ընթացքին հայկական պետական-քաղաքական միաւորներուն սահմանները, մասամբ նաեւ հայերով ստուար բնակեցուած տարածքները փոփոխութիւններու ենթարկուած են, իսկ հնագոյն շրջանի վերաբերեալ պատմական սկզբնաղբիւրները սակաւաթիւ են, Ժամանակակից ուսումնասիրողներուն մէկ մասը Հայկական լեռնաշխարհի սահմանները հիւսիսէն կը հասցնեն Փոքր Կովկասի, հարաւէն՝ Հայկական Տաւրոսի, արեւմուտքէն՝ Անթիտաւրոսի, հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Պոնտոսի լեռներուն, իսկ արեւելքէն՝ Կասպից ծովուն եւ Ուրմիա լիճին։ Ուսումնասիրողներու միւս խումբը գրեթէ նոյն տեղեկութիւնը կու տայ, այն տարբերութեամբ, սակայն, որ Հայկական լեռնաշխարհի սահմանները արեւելքի մէջ կը հասնին մինչեւ Կուր եւ Արաքս գետերը: Այդ սահմաններուն միջեւ ինկած կեդրոնական ու ամէնէն բարեբեր տարածքը յաճախ Միջնաշխարհ կոչած են։ Միջնաշխարհը կտրտուած է լեռներով, դաշտերով ու հովիտներով։ Պոնտոսի լեռները հիւսիս-արեւմուտքէն Հայկական լեռնաշխարհը կը բաժնեն Սեւ ծովու ափերէն։

13