Դասընթացները յարմարեցուած են անհատ ուսանողներու կարիքներուն` անկախ անոնց տարիքէն, բնակութեան վայրէն կամ գիտելիքներու մակարդակէն, որպէսզի բոլորին առիթ տրուի օգտուիլ այս բացառիկ աղբիւրէն:
Աշխարհի օնլայն կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց` ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն է օնլայն կրթական համայնք ստեղծել` ամբողջ աշխարհի տարածքին ամրացնելով մշակութային, կրթական եւ ընկերային կապերը:
Առ այսօր, ՀՀՀ-ի դասընթացներուն աւելի քան 65 երկիրէ շուրջ 3000 ուսանող մասնակցած է, միշտ և ամենուր ստանալով հայկական կրթութիւն:
Սոյն` «Հայկական Լեռնաշխարհ» ելեկտրոնային գիրքը, հիմք կը հանդիսանայ աւելի խորունկ ուսումնասիրել Հայաստանին առնչուող ամէն ինչ`մասնաւորաբար լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը: ՀՀՀ օնլայն դասընթացքները հայագիտական գիտելիքներու շտեմարան ստեղծած են բոլոր անոնց համար, որոնք օնլայն կրթութիւն կը փնտռեն: Հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասընթացները առաւել կ'ընդլայնեն ձեր գիտելիքները Հայաստանի եւ հայկական ինքնութեան մասին:
131