Հրատարակողի Մասին
ՀԲԸՄ Հայկական համացանցային համալսարանը (ՀՀՀ) հետամուտ է աշխարհի հայկական կրթութեան հեռաուսուցման բարձրագոյն հաստատութիւններուն յառաջամարտիկը ըլլալ:
Հայկական համացանցային համալսարանը (ՀՀՀ) Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է, որը ամբողջովին նոր մօտեցումով կ'իրականացնէ իր նուիրումը հայկական կրթութեան: ՀՀՀ-ի ծրագիրը նախաձեռնուած է 2004 թուականին ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելի մասնաճիւղին կողմէ:
ՀՀՀ-ն հայերէն լեզուի, պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի դասընթացներ կ'առաջարկէ 7 լեզուներով` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թուրքերէն:
ՀՀՀ-ն կեանքի կոչուած է 2009-ին եւ իր համացանցային լսարանները բաց են բոլոր անոնց համար, որոնք հետաքրքրուած են հայկական կրթութեամբ: ՀՀՀ-ն համացանցային լսարաններ կ'ապահովէ բոլոր այն ուսանողներուն, որոնց համար հայկական աւանդական դէմ-դիմաց կրթական ծրագիրները հասանելի չեն` զուգահեռաբար ամբողջացնելով արդէն առկայ եւ մատչելի հայկական կրթական ծրագիրները:
130