ՀԱՅՐԵՆԻՔ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
Երկուշաբթի 2 Յուլիս 2018 - Թիւ 1
Արեւմտեան Հայաստանը եւ Թրքական ընտրութիւնները Խմբագրական
24 Յունիս 2016-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս
վաւերացուց Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրը: Իսկ Թիւրքիոյ նախագահ պարոն
Էրդողանը ուրիշ թուական չգտաւ՝ բացի 24 Յունիս 2018-էն, որպէս նախագահական եւ
խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու օր:
Հետաքրքրական է այս զուգադիպութիւնը: Շատեր Հայկական քաղաքական դաշտին մէջ
նոյնիսկ պիտի չանդրադառնա՛ն այս երեւոյթին, որովհետեւ անոնք պարզապէս ուրիշ
մոլորակի վրայ կ'ապրին՝ ուր Արեւմտեան Հայաստան ալեւս գոյութիւն չունի, կամ
այդպէս կ'ենթադրեն:
Պարոն Էրդողանը, շատ մը Հայ քաղաքագէտներէ եւ քաղաքական գործիչներէ աւելի
ողջմիտ եւ իրապաշտ գիտակցութիւն կը ցուցաբերէ Արեւմտեան Հայաստանի
Հանրապետութեան վերականգման ներկայ հնարաւորութիւններուն նկատմամբ: Ան
քաջատեղեակ է, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սեւրի
խաղաղութեան դաշնագիրի վաւերացումը ուժի մէջ դրաւ հարիւր տարի շարունակ
կախեալ մնացած դաշնագիրը: Այսօր ան համոզուած է, որ ընտրութիւններու իր
յաղթանակով միայն պիտի երաշխաւորուի Թիւրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը, այդ
պատճառով ալ ինքն իր յաղթանակը կը վստահի իր երիտթրքական/հակահայ
Զարգացում եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան հետեւորդներուն եւ այլ ազգայնամոլ
քեմալական գաղափարախօսութիւն կրող հոսանքներու հետեւորդներու ձայներուն:
Միւս կողմէ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (Կարօ Փայլանի
կուսակցութիւնը),
որ
հանդէս
կուգայ
պարոն
Էրդողանի
ընդիմադիր
կուսակցութիւններու շարքին՝ իր ընտրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը կը
հիմնաւորէ այն համոզումին վրայ, որ Թիւրքիան իր հողային ամբողջականութիւնը
պիտի կորսնցնէ՝ Էրդողանի յաջողութեան պարագային: Այսինքն իրենք եւս դէմ են
Արեւմտեան Հայաստանի վերականգման հարցին, ու որպէս այլընտրանք՝ կ'առաջարկեն
"ժողովրդա-վարական" մէկ եւ անբաժան Թիւրքիա:
Փաստօրէն, թրքական ներկայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու
պայքարի խորքին՝ ակնյայտօրէն ներկայ է Արեւմտեան Հայաստանի վերականգնման
"վտանգի" հարցը: Երկու հոսանքներն ալ՝ թէ՛ իսլամական ու ազգայնական
ծայրայեղական ճիհատիստական տեռորը հովանաւորող եւ երաշխաւորող եւ թէ՛
ժողովրդավարութիւն քարոզող կողմը կը մրցակցին աւելի "ճիշդ" ձեւով ապահովելու
Թիւրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը: Սա է ներկայ Թիւրքիոյ ներքաղաքական
հիմնախնդիրը, մնացած վանկարկումները երկրորդական են, եւ հասարակութեան ձայնը
սիրաշահելու միջոց:
Նման իրավիճակի լոյսին տակ, ինչպէ՞ս պէտք է Արեւմտեան Հայաստանի Հայութիւնը
դիրքորոշուի, թէ՛ տարագիր սփիւռքի համայնքներուն մէ ջ եւ թէ՛ մանաւանդ գրաւեալ
Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն ապրողները:
Արեւմտեան Հայաստանի տարագիր սփիւռքի համայնքներու Հայութիւնը պէտք է իր
ուշադրութիւնը սեւեռէ ճիշդ ուղղութեան վրայ: Փոխանակ զբաղելու Թիւրքիոյ տարբեր
քաղաքական ուժերու յայտարարութիւններով եւ ծրագիրներով, նոյնիսկ երբ անոնք կը
ներկայացուին հայանուն անձանց միջոցով՝ ուշի ուշով պէտք է հետեւին գրաւեալ
Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն մէջ ապրող պարզ, հասարակ Հայութեան
դիրքորոշումներուն, նեցուկ կանգնին անոնց: Ի հարկէ նկատի ունինք գրաւեալ
Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ ապրող, հարիւր տարի
շարունակ Հայկական հողին տէր կանգնած եւ Հայկական ինքնութիւնը պահպանած
Հայութիւնը՝ եւ ո՛չ թէ թրքական կուսակցութիւններուն եւ ....
(Շարունակութիւնը էջ 16) Գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանը՝
տէրեր ունի՞ թէ չունի
սա է ներկայի հրամայական հարցը
Միջազգային օրենքը
կ'երաշխավորէ
Գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի
տարածքներէն ներս ապրող
Հայութեան
ազատագրման պայքարի իրաւունքը
Արեւմտեան Հայաստանի
Հանրապետութեան ազգային ժողովի
ընտրական հանձնախումբը
դեկնածութիւններու ներկայացման
վերջնական ժամկետ որոշեց
15 Օգոստոս 2018 թուականը
www.westernarmeniatv.com
Արեւմտեան Հայաստանէն բռնագաղթած
իւրաքանչիւր Հայու պարտաւորութիւնն է
այսօր՝ ոչ վաղը, մէկ պահ կանգ առնել ու
ինքն իր մէջ գտնել այս հարցումին
պատասխանը:
Կամ տէր ես քու բռնագրաւուած
Հայրենիքիդ, քու նախահայրերուդ հողին՝
կամ տէր չե'ս: Չկայ երրորդ տարբերակ:
Քու Հայրենիքդ որպէս անկախ եւ
ինքնիշխան պետութիւն՝ միջազգային
ճանաչում ստացած է 19 Յունուար 1920-
ին, այդ ճանաչումը դարձած է իրաւական
եւ վերջնական՝ 11 Մայիս 1920-ին Սան
Ռեմոյի
մէջ,
երբ
Հայկական
պատուիրակութիւնը
յաղթական
Տէրութիւններու
կողքին
ստորագրեց
Սեւրի խաղաղութեան դաշնագիրը (իսկ
պարտուած Թիւրքիան զայն ստորագրեց
10 Օգոստոս 1920-ին):
Քու անկախ եւ ինքնիշխան Հայրենիքիդ
սահմանները Թիւրքիոյ հետ որոշուած են
22 Նոյեմբեր 1920-ին: 23 Նոյեմբեր 1920-էն
ի վեր՝ պաշտօնապէս եւ ըստ Հաագայի
(Լա
Հայի) 18
Հոկտեմբեր 1907-ի
ցամաքային պատերազմի օրէնքներու 4-
րդ պայմանագրութեան 3-րդ բաժինի 42-
րդ յօդուածին՝ քու նախահայրերուդ հողը
ստացած է գրաւեալ երկրի կարգավիճակ:
Դուն որպէս Արեւմտեան Հայաստանի 1.5
միլիոն զոհուած Հայու զաւակ, իր
սեփական հողէն բռնագաղթած քու մեծ
հօր ու մօր ժառանգորդ՝ ի՞նչ է այսօր
պատասխանդ ներկայի այս հրամայական
հարցումին:
Եթէ կը գիտակցիս, որ դուն ես եւ միայն
դուն ես քու գրաւեալ Հայրենիքիդ տէրը՝
ոտքի
ելիր
ու
գտիր
քու
պատասխանատուութեանդ բաժինը: Իսկ
ովքեր հեռու են նման գիտակցութենէն՝
թող
լաւ
իմանան,
որ
գրաւեալ
Արեւմտեան Հայաստանի Հայութիւնը
այսօր իր ինքնութեան հանդէպ ունեցած
պայծառ գիտակցութեամբ, եւ իր մէջ վառ
մնացած ազգային արժանապտւութեան
թելադրանքով՝ տէր կանգնած է Հայրենիքի
հողին, ինչպէս 100 տարիներու ընթացքին,
այնպէս ալ այսօր: Հասկցողին հազար
բարեւ: