ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 131

Միութեան նախագահի հրաժարականը չուշացաւ: 22 Ապրիլ 1932-ին ան նամակով դիմեց Կեդրոնական Վարչութեան՝ յայտարարելով, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Միութեան վարչականներու բոլոր ճիգերը՝ զինք համոզելու որ ետ կանգնի իր որոշումէն ի զուր անցան: Այս զգայացունց անակնկալէն ետք, Երեւանի քննադատութիւնները Միութեան հանդէպ կարծես կը նուազին: Կեդրոնական Վարչութիւնը իր կարգին ջանադիր կ՚ըլլայ հետապնդելու Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներու շարունակումը՝ միշտ համոզուած ըլլալով, որ երկիրի վերակառուցումը իր կողմէ զոհողութիւններ կը պահանջէր. խորհրդային վարչակարգի յաջողութիւնները մշակութային, արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական մարզերուն մէջ կը խրախուսէին Միութեան կարգ մը վարիչները իրենց ընթացքին մէջ:

Այս գաղափարը յստակ կերպով կ՚արտայայտուի Միութեան երկու պատուիրակներու՝ Լեւոն Կիւմիւշկէրտանի եւ Արշակ Չօպանեանի 1932-ի վերջերուն՝ Երեւանէն վերադարձին ներկայացուցած տեղեկագիրին մէջ. անոնք հոն մասնակցած էին Էջմիածինի նոր կաթողիկոսի ընտրութեան: Կեդրոնական Վարչութեան իր ...

կարդալ աւելին

Լեւոն Կերտան (1886-1952) (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Արշակ Չօպանեան (1872-1954), լուսանկար Արաքս, Փարիզ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Երեւանի համայնապատկերը 1920 –ական թուականներուն (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութիւնը Եւ Խորհրդային Հայաստանը. Դժուարին Պարտականութիւն Մը` Գործակցիլ Խորհրդային Վարչակարգին Հետ Յանուն Հայաստանի Վերակառուցման