ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) կը ձգտի հայագիտական ոլորտի մէջ հանդիսանալ առցանց կրթութեան ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւնը։
Հայկական Համացանցային Համալսարանը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ուսումնական նորագոյն հաստատութիւնն է, որ ամբողջովին նոր մօտեցումով կ՚իրականացնէ իր նուիրումը՝ հայկական կրթութեան հանդէպ։ ՀՀՀ-ի ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004-ին, նախաձեռնութեամբ ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին։ ՀՀՀ-ի հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի դասընթացքները հասանելի են եօթը լեզուներով՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն։
2009-ին սկիզբ առած ՀՀՀ-ի դասընթացքները հասանելի են բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայկական կրթութեամբ։ ՀՀՀ-ը առցանց լսարաններ կ՚ապահովէ այն ուսանողներուն, որոնք աւանդական ուսումնական ծրագիրներուն հետեւելու միջոցը չունին։ Ինչպէս նաեւ ՀՀՀ-ին կրնան հետեւիլ անոնք, որոնք կը փափաքին ամբողջացնել առկայ ծրագիրը՝ յաւելեալ գիտելիքներով։ Դասընթացքներէն կրնան օգտուիլ բոլոր ուսանողները, անկախ իրենց տարիքէն, բնակութեան վայրէն եւ կամ գիտելիքի մակարդակէն։
Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀ-ը կը ձգտի ստեղծել երեւութական համայնք մը, ուր աշխարհով մէկ սփռուած ուսանողները կրնան իրարու հաղորդակից դառնալ կրթական, մշակութային եւ ընկերային կապերով։
ՀՀՀ-ը կը ձգտի ստեղծել երեւութական համայնք մը, ուր աշխարհով մէկ սփռուած ուսանողները կրնան իրարու հաղորդակից դառնալ կրթական, մշակութային եւ ընկերային կապերով։
ՀՀՀ-ի աշխատակազմը ոչինչ կը խնայէ, որ ել. գիրքը հաճելի ըլլայ։ Մենք ուրախ կ՚ըլլանք եթէ Ձեր ընկերներուն եւ ընտանիքի անդամներուն տեղեակ պահէք այս ել. գիրքին մասին։
Շնորհակալութեամբ կ՚ընդունինք Ձեր կարծիքը եւ դիտողութիւնը՝ ել. գիրքի մասին, մեր յետագայ հրապարակումներու նիւթերն ու ձեւաչափերը աւելի բարելաւելու համար։ Մինչ այդ ՀՀՀ-ի ել. գիրքի աշխատակազմը պիտի հետազօտէ հայկական գանձերը, նոր հետաքրքրական նիւթ մը ներկայացնելու համար։
Մեզի հետ կարելի է կապ հաստատել հետեւեալ հասցէներով՝ info@avc-agbu.org, www.avc-agbu.org եւ կամ միանալով մեր ընկերային ցանցին՝
ՀՀՀ-ի Մասին