Վայոց Ձոր հասնելու համար կրնաք նաեւ ինքնաշարժ վարձել։ Այստեղ ճամբաները լաւ են, կրնաք ազատ վարել եւ տեսնել խաղողի այգիներն ու մրգաստանները։ Ինքնաշարժի վարձոյթով զբաղուող ընկերութիւնները ունին յստակ սակագին։ Օրինակ 50,000 դրամով կրնաք վարձակալել Toyota RAV4 մակնիշի ինքնաշարժը՝ 1-2 օրուան համար։ Անշուշտ, գինը աւելի մատչելի կ՚ըլլայ, եթէ վարձակալէք երկար ժամանակով։ Օրինակ նոյն ինքնաշարժը կրնաք վարձակալել 43,500 դրամով՝ 3-4 օրուան համար։
Եթէ որոշած էք Վայոց Ձորի մէջ երկարատեւ մնալ, ապա կրնաք օգտուիլ բազմաթիւ հնարաւորութիւններէն։ Ու՞ր կը փափաքիք գիշերել. շքեղ հիւրանոցի, թէ՞ տեղւոյն զբօսաշրջային տուներու մէջ (B&B)։ Ամէն պարագայի, անկախ ձեր ցանկութենէն, գիրքի այս բաժինը կ՚օգնէ, որ ճիշդ կողմնորոշուիք։ Ստորեւ կը տեսնէք հիւրանոցներու եւ զբօսաշրջային տուներու ցանկը։ Իւրաքանչիւր կացարանի վայրը կրնաք տեսնել նաեւ շարժական քարտէզի վրայ։
Վայոց Ձոր Հասնելու Եւ Գիշերելու Հնարաւորութիւնները