Ել. Ուղեցոյցի Մասին
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) եւ ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID) հիմնած ու Smithsonian հաստատութեան կողմէ իրականացուած «Իմ Հայաստան» ծրագիրը համագործակցաբար մշակած են Հայաստանի Վայոց Ձոր մարզին նուիրուած այս ուղեցոյցը։
Ուղեցոյցի նպատակն է քաջալերել զբօսաշրջիկները, որ այցելեն Վայոց Ձոր՝ տրամադրելով ամբողջական տեղեկութիւններ մարզի բնական ու մշակութային արժէքներուն մասին։ Ուղեցոյցի տեղեկութիւնները ներկայացուած են պարզ, շարժական քարտէզներով, որպէսզի զբօսաշրջիկները լաւ ճանչնան մարզը եւ ճիշդ կազմակերպեն զբօսնումը։ Աշխատակազմի միտումն է ունենալ ընդգրկուն, գրաւիչ եւ մատչելի ուղեցոյց մը։
Ուղեցոյցի տեղեկութիւնները բաժնուած են հետեւեալ ձեւով.
Մաս 1-Բարի Գալուստ Վայոց Ձոր
Այս բաժինը կ՚ընդգրկէ պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ մարզի մասին։ Ներկայացուած են մարզի բնական ժառանգութիւնը եւ Վայոց Ձորի բնակիչներու մշակութային աւանդութիւնները։
Մաս 2- Ի՞նչ Ընել
Ուղեցոյցի ամենածաւալուն բաժինն է, որ Վայոց Ձորի պատմական, բնական եւ մշակութային վայրերու մասին կը խօսի։ Այս տեղեկութիւններուն շնորհիւ զբօսաշրջիկները կը յայտնաբերեն եւ կ՚ուսումնասիրեն տարբեր վայրեր։ Կը ծանօթանան նաեւ Վայոց Ձորի մէջ տեղի ունեցած փառատօններուն։
Վայոց Ձորի մէջ գիշերել փափաքող զբօսաշրջիկները անհրաժեշտ տեղեկութիւններ կը գտնեն Մաս 3-ի մէջ, «Ո՞ւր Մնալ»
ընդհանուր խորագիրի տակ։ Այստեղ կը գտնենք Վայոց Ձորի հիւրանոցները եւ հիւրատուները՝ հակիրճ ծանօթագրութիւններով։
Մաս 4- Ո՞ւր Ուտել
Ներկայացուած են տեղեկութիւններ Վայոց Ձորի ճաշարաններու եւ սրճարաններու, յատկապէս՝ աւանդական կերակրատեսակներ հիւրասիրող ճաշարաններու մասին։
Այս բաժինի մէջ ներառուած են նաեւ տեղեկութիւններ միօրեայ զբօսնումներու, ժամանցի, ուտելիքի եւ գինիի մասին։