ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 45

Գաթայի Փառատօն

Այս փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերին, Խաչիկ գիւղի մէջ: Գաթան հայկական աւանդական քաղցր հաց է, կը պատրաստուի ձէթով, հաւկիթով, մածունով եւ ալիւրով: Փառատօնի կիզակէտը 2,5 մ. շրջագիծով գաթան է: Թխելու համար, գիւղացիները մի քանի օր կ՚աշխատին, կ՚օգտագործեն 250 ք. ալիւր եւ 50 հաւկիթ: Անոնք 10 մեծ կտոր գաթա կը թխեն, կլոր սեղանի վրայ գաթանեը մեղրով իրարու կը միացնեն եւ կը զարդարեն հիւսքերով ու նախշերով: Փառատօնը սկիզբ կ՚առնէ գաթայի օրհնութեամբ եւ հատելու պաշտօնական արարողութեամբ:

Յատկանշական է, որ գաթայի առաջին կտորները կը հրամցնեն ծառայող զինուորներուն: Բացման արարողութենէն ետք, կրնաք համտեսել տարբեր տեսակի գաթաները եւ մասնակցիլ աւանդական երգ ու պարին:

Վաճառուող Գաթա՝ Փառատօնի Ընթացքին

Լուսանկարը՝ Սուսաննա Սաֆարեանի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

2,5 մ. Շրջագիծով Գաթա

Լուսանկարը՝ Սուսաննա Սաֆարեանի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

Երբ համտեսէք կտոր մը գաթա, կը զգաք հայկական աւանդական քաղցր հացի համը: Ձէթով, հաւկիթով, մածունով եւ ալիւրով պատրաստուած գաթան յատուկ առիթներու քաղցր հիւրասիրութիւնն է: Աւանդական գաթան կլոր կ՚ըլլայ եւ կը պատրաստուի թոնիրի մէջ:

գաթան յատուկ առիթներու քաղցր հիւրասիրութիւնն է: Աւանդական գաթան կլոր կ՚ըլլայ եւ կը պատրաստուի թոնիրի մէջ: Հիմնական կը թխեն Զատիկին եւ Կաղանդին: Բայց, կը թխեն նաեւ հարսանիքներու եւ զինուորական ծառայութեան զինուորները ճանապարհելու առթիւ: Գաթայի բաղադրատոմսերը կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ, խոհանոցային աշխատանքի ընթացքին:

Գաթա թխելը դժուար է: Ծանր խմորը թոնիրի պատին ամրացնելը վարպետութիւն կը պահանջէ: Վերջերս, կանայք կ՚օգտագործեն երկյարկ կամ եռայարկ մետաղեայ սկուտեղ-կախիչ: Այսպիսով կանայք կ՚ազատին խմորը թոնիրի պատին ամրացնելու բարդ խնդիրէն:

Ազգագրութիւն՝ Գաթայի Պատրաստութիւն

Կարդացէք Աւելին

Մշակութային Վայրեր