Վայոց Ձորի տարածքի պատմութեան, մշակոյթին եւ կեանքին ծանօթանալու համար, կրնաք այցելել նաեւ թանգարանները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուիրուած է նիւթի մը եւ կը ներկայացնէ տեղւոյն արուեստի գործերն ու իրերը:
Աւանդութիւնները վայելելու եւ հաճելի ժամանց անցընելու համար, կրնաք մասնակցիլ Վայոց Ձորի իւրօրինակ փառատօններուն: Օրինակ, Արենիի Գինիի Փառատօնին կրնաք տնական գինի կամ օղի խմել եւ հայկական պար պարել, իսկ Գաթայի Փառատօնին՝ հայկական գաթան վայելել: Ամէն պարագայի, ի՛նչ փառատօնի ալ որ մասնակցիք, վստահ պիտի գտնէք որեւէ մասնիկ, որ պիտի բաւարարէ ձեր խոհարարական եւ մշակութային ցանկութիւններն ու ճաշակը:
Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Մշակութային Վայրեր