Գինին խմելէ ետք, ծանօթացէ՛ք տարածքի արհեստագործութեան աւանդոյթներուն՝ ատաղձագործութեան, քարի փորագրութեան եւ գորգագործութեան: Այստեղ կրնաք տեսնել եւ կիրառել մշակութային աւանդոյթներու բազմազանութիւնը։ Հետեւեցէ՛ք խաչքարագործ վարպետի աշխատանքին, մարմարի եւ պազալթի վրայ փորագրած գեղեցիկ զարդանախշերուն, ապա տեսէ՛ք թէ ինչպէս կանայք լաւաշ (հայկական աւանդական բարակ հաց) կը թխեն, գետինը փորուած թոնիրի մէջ։ Բնիկ շատ մասնագէտներ ուրախութեամբ կը ցուցադրեն իրենց հմտութիւնները եւ արտադրանքը:
Արհեստագործական աւանդոյթներուն աւելի մանրամասն կրնաք ծանօթանալ, այցելելով մարզի թանգարանը։ Եղեգնաձորի Մարզային Պատմութեան Թանգարանի մէջ կրնաք տեսնել հնագիտական գտածոները եւ ազգագրական հաւաքածոները, որոնք արդի աւանդութիւններու վաւերագիրներն են: Եթէ ժամանակակից արուեստի սիրահար էք, ապա անպայման այցելեցէ՛ք Եղեգնաձորի եւ Ջերմուկի պատկերասրահները:
Անմիջապէս բացայայտեցէք Վայոց Ձորի՝ մշակութային եւ ստեղծագործական կեանքը:
Խաչքարագործը Աշխատելու Ընթացքին
Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, SmithsonianՀաստատութիւն / USAID
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի՝
Եղեգնաձորի Մասնաճիւղ
Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, SmithsonianՀաստատութիւն / USAID
Մշակոյթ (տեսանիւթ)
Կանայք լաւաշ կը թխեն։
Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, SmithsonianՀաստատութիւն / USAID
Բացայայտել Մշակոյթը – Վայոց Ձորի Մշակութային Արժէքները