ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 88

ՀԲԸՄ-ի Հարիւր Տարուան Ելեւմտական Գործունէութիւնը

Միութեան հիմնադրման օրէն 1906, ՀԲԸՄ–ը իր նուիրատուներուն եւ բարերարներուն լրիւ վստահութեան արժանացաւ իրեն յանձնուած հիմնադրամներուն բարւոք ու շրջահայեաց մատակարարման համար:

Հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպարէն մինչեւ այժմու նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Բարեգործականի ղեկավարները խորապէս գիտակցեցան, թէ անոր վստահուած աւանդին գորովագութ պահպանումին եւ աճումին մէջ նախախնամական դեր վիճակուած էր իրենց: Պատասխանատուութեան լրիւ գիտակցութեամբ եւ զգացումով, մօտէն հսկեցին Միութեան հարստութեան, կտակային պարտաւորութիւններուն բառացիօրէն հետեւելով ու ազգապահպանման ձեռնարկներ կատարելով: Դրական մտածելով, անոնք միշտ հետամուտ եղած էին կազմակերպութիւնը նիւթապէս աւելի զօրացնելու անոր միջոցները ի սպաս դնելով ազգային մեր բազում կարիքներուն Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ:

Այս կապակցութեամբ տեղին է յիշատակել Միութեան բեղմնաւոր անցեալի կերտիչներէն նախագահ Ալեք Մանուկեանի պատմական խօսքը. «Բարեգործականը հարուստ կազմակերպութիւն մը չէ, այլ աւանդապահն է հարստութեան մը: Եթէ Բարեգործականը խղճմտութեամբ կիրարկած չըլլար իր աւանդապահի դերը հանդէպ հայ ազգին, պիտի չկրնար արժանանալ իր բարերարներուն ու ժողովուրդի վստահութեան»:

Ամփոփ Պատկերացում. ՀԲԸՄիութեան 100-ամեակի Ելեւմտական Գործունէութեանց

Մէկ դարու ընթացքին, 1906-2005, ՀԲԸՄիութիւնը Հայ Ազգին ծառայեց, տրամադրելով 810 միլիոն տոլար, ներառեալ Հայաստանի ծրագիրներուն լատկացուած 127 միլիոն տոլար:

2005 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ ԳՈՅՔԻ ԲԱԺԻՆ

Բաժնեթուղթեր

(Միլիոն Ամերիկեան Տոլարով)

Ամերիկա 128

Եւրոպա 30

Ասիա 20

Միջին Արեւելք 5

Գումար 183 (Տոմարական արժէքով ա.տ.)

Անշարժ Կալուածներ

Ամերիկա 1 ՎԿ, 3 Դպրց., 5 Կեդրն.,

1 Ճմբր., 2 Կլծ. 21.562.000

Արժանթին 1 Դպրց., 2 Կեդրն., 2 Կլծ. 5.354.000

Աւստրալիա 1 Դպրց., 2 Կեդրն., 2 Կլծ. 2.795.000

կարդալ աւելին