Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւ Գանատայի Վարչութիւնները
Արդէն առիթ ունեցանք անդրադառնալու այն հանգամանքներուն, որոնք Միութեան առիթ տուին արագ տարածում ունենալու ԱՄՆ-ի մէջ` 1907-էն սկսեալ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Վահան Քիւրճեանի ղեկավարութեամբ. վերջինս ամերիկեան գործունէութեան մղիչ ոգին էր մինչեւ 1940: Մի քանի տարուան մէջ բազմատասնեակ մասնաճիւղեր հիմնուեցան. Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին ԱՄՆ-ի մէջ կը գործէին Միութեան առնուազն յիսունհինգ մասնաճիւղեր, որոնցմէ քառասունհինգը` արեւելեան եւ կեդրոնական ԱՄՆ-ի մէջ, տասնեակ մըն ալ` արեւմտեան ԱՄՆ-ի եւ յատկապէս Գալիֆորնիոյ մէջ: Միութեան այս արագ զարգացումը մեծաւ մասամբ կը բացատրուի գոյութեամբը, 1914-ին, հարիւր քսան հազարէն աւելի անձերէ բաղկացած հայ համայնքի մը, որուն անդամներուն մեծամասնութիւնը գաղթած էր Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներէն: Իրենց ծննդավայրին կապուած այս հայերը -ինչպէս նաեւ եգիպտահայութիւնը- միակ հաւաքականութիւնն էին, որ կրնար Մերձաւոր Արեւելք, Հայաստան եւ Յունաստան ծուարած Եղեռնէն վերապրողներուն նիւթական օժանդակութիւն ցոյց տալ ...
Միութեան Մասնաճիւղերը. Այլասիրական Առօրեայ Գործունէութեան Մը Պատմութիւնը