ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 50

131.Նուպարեան գրադարան, Միութեան արխիւ, Կեդրոնի

թղթակցութիւն, հատոր 28, Վ. Մալէզեանի նամակը Պօղոս Նուպարին, 1 Նոյեմբեր 1918, թերթ 455:

132.1917-ի սկիզբը հիմնուած այս կազմակերպութիւնը

կը համախմբէր Եգիպտոսի մէջ գործող զանազան հայ քաղաքական կուսակցութիւններ եւ միութիւններ: Բարեգործականը նոյնպէս մաս կը կազմէր անոր եւ իբրեւ ներկայացուցիչ ունէր Գահիրէի Վարչութեան նախագահ Միհրան Ղազարոսեանը:

133.Հիմնուած Համաշխարհային Առաջին պատերազմի

սկիզբէն անմիջապէս ետք եւ կը համախմբէր Եգիպտոսի զանազան հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Պատուոյ նախագահը Թորգոմ արք. Գուշակեանն էր` եգիպտահայերու առաջնորդը: Հայկական Կարմիր Խաչի գլխաւոր նպատակը հայ բուժքոյրեր պատրաստել եւ զանոնք Կովկասի ճակատ` ցարական բանակի հայ կամաւորներուն օգնելու ղրկելն էր: Այս նպատակը երբեք չիրականացաւ. ահա թէ ինչու կազմակերպութիւնը բաւարարուեցաւ օգնութեան գործունէութիւն ծաւալելով ի նպաստ Մուսա Լեռան եւ բրիտանական զօրքի կողմէ գրաւուած տարածքներ տեղահանուած տարագիրներուն:

Օգտագործուած Աղբիւրներու Ցանկ