ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 47

89.Նոյն տեղը, Վերապատուելի Հայր Գրիգորիս

Պալաքեանի`Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանի յատուկ յանձնախումբի քարտուղարի Պեռլինէն 24 Օգոստոս 1913-ին գրած նամակը Նուպարին. ան կը բացայայտէ գաղտնի դերակատարութիւնը Գ. Զոհրապին` յատուկ յանձնախումբի նշանաւոր անդամին:

90.Նոյն տեղը, Ճեյմս Կրինֆիլտի 28 Սեպտեմբեր

1913 թուակիր Պեռլինէն գրած նամակը Պ. Նուպարին:

91.Նոյն տեղը, Պ. Նուպարի 13 եւ 18 Հոկտեմբեր 1913-ի

նամակները Լեփսիուսին, որոնք կը նշեն Սազոնովի փարիզեան հանդիպումին ընթացքին ըսածներուն բառ առ բառ պարունակութիւնը:

92.Նոյն տեղը, Լեփսիուսի (՞) Հոկտեմբեր 1913

թուակիր նամակը Պ. Նուպարին:

93.Նոյն տեղը, Պ. Նուպարի 18 Հոկտեմբեր 1913-ի

նամակը Լեփսիուսին, որ կը յիշատակէ իր 17 Հոկտեմբերի հանդիպումը նախարար Փիշոնին հետ: Ֆրանք Կ. Վեպեր, «Eagles on the Cresent: Germany, Austria and the Diplomacy of the Turkish Alliance, 1914-1918», Ithaca et Lodres, 1970, էջ 20-21, ցոյց կու տայ Գերմանիոյ քաղաքականութեան մէջ թեքում մը` ի նպաստ հայերուն եւ դեսպանի կեցուածքի փոփոխութիւնը անոնց հանդէպ: Ըստ երեւոյթին, Պեռլինը այն ատեն մտածած է Պաղտատպանի վերաբերող իր տնտեսական ծրագիրներուն համար հայերուն ապաւինիլ: Այս մերձեցումին դէմը առնելու համար կը թուի թէ օսմանեան կառավարութիւնը բրիտանացիներուն առաջարկած է քննիչներ ղրկել Հայաստան: Գերմանիոյ արտաքին գործերու

նախարար Եակովը նոյնիսկ առաջարկեր է բանակցիլ քիւրտ ցեղապետերուն հետ` որպէսզի այս վերջինները հրաժարին իրենց նախասիրած մարզաձեւէն` հայերու սպաննութենէն եւ անոնց գիւղերու հրկիզումէն (նոյն տեղը, էջ 24):

94.Նոյն տեղը, այս անձնաւորութիւններու հետ

նամակագրութեան եւ Փարիզի վեհաժողովի պատրաստութիւններուն մասին:

95.67 Տեյվիսըն, նշուած յօդուած, էջ 501-503:

96.«Ազատամարտ», 15 Յուլիս 1913, էջ 1-2,

Բարսեղ Շահպազի հարցազրոյցը:

97.Նուպարեան գրադարան, Կեդրոնական

Վարչութեան ատենագրութիւնները, 15 Ապրիլ 1906- 12 Մայիս 1921, 13 Մարտ 1914-ի նիստ, թերթ 148:

98.Տեյվիսըն, նշուած աշխատասիրութիւն, էջ

504-505, էական են ըմբռնելու համար այս երկու քննիչներու հաստատման ընդհանուր մթնոլորտը Պոլիս իրենց անցուցած օրերուն ընթացքին, «Diary Concerning the armenian Mission», Լ. Ք. Վեսթենենկ, հրատարակուած Armenian Review 39/1 (գարուն 1896)-ի մէջ, էջ 28-29, եւ Վ. /Ու. Վան Տէր Տուսսեն, «The Question of Armenian Reforms in 1913-1914», նոյն տեղը, էջ 11-28:

99.1914 3/16 Նոյեմբերի օրագրութիւն, Զոհրապ,

Ամբողջական Երկեր, Դ հատոր, նշ. աշխ., էջ 411, Զոհրապ կը վերապատմէ այս հանդիպումը, որը իրեն պատմած է այլ ներկայ մը` դաշնակցական ղեկավար Ակնունին: Բարենորոգումները վերջանականապէս չեղեալ յայտարարուեցան, կայսերական հրամանագրով մը, 16 Դեկտեմբեր 1914-ին միայն: V. VADRIAN, Histoire du Genocide, op. cit., p. 349 et n. 1:

Օգտագործուած Աղբիւրներու Ցանկ