44.Գրիգոր Զոհրապ, Ամբողջական Երկեր, հր.
Ալպեր Շարուրեան, հատոր IV, Երեւան 2003, էջ 341-432, Օրագիր, 1912-1915 (ըստ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի Զոհրապի ֆոնդի, ms. 17, թերթ 1-70 եւ ms. 5, թերթ 7-12), էջ 344 (9 Դեկտեմբեր 1912) եւ էջ 572, գրառում 19-20:
45.Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը
բացայայտօրէն ցոյց կու տայ, թէ դաշնակցականները ամբողջութեամբ որդեգրած էին ռուսական յեղափոխական շարժումներու ուղեգիծը եւ կը պայքարէին կայսերապաշտ վարչակարգին դէմ` չվարանելով դիմելու ահաբեկչական միջոցներու: Այստեղ պէտք չէ մոռնալ նաեւ որ Ս. Փեթերսպուրկը կովկասահայերուն հանդէպ շատ կարծր քաղաքականութիւն կը վարէր, իսկ գաղտնի ոստիկանութիւնը անդադար կ'աշխատէր` կազմալուծելու յեղափոխական կոմիտէները, բանտարկելու եւ աքսորելու հայ դատին զինուորագրեալները. այս վերջիններուն համար իթթիհատական Թուրքիան խաղաղ ափունք կը խորհրդանշէր:
46.Շարուրեան, «Գրիգոր Զոհրապի Կեանքի Եւ Գործի
Ժամանակգրութիւն», նշուած աշխատութիւն, էջ 388, ըստ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներու, Մատենադարան, հատոր 20, թերթ 238:
47.Տես էջ 105, թիւ 114:
48.Ներսէս Զաքարեան (1883-1915), փրոֆեսէօր, գրող,
լրագրող, Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ:
49.Տես էջ 219, թիւ 438:
50.Տիրան Երկանեան (?-1915), բնիկ պոլսեցի
փաստաբան, Իսթանպուլի իրաւաբանական համալսարանի դասախօս, երեսփոխան, աքսորուեցաւ 1915 Ապրիլին եւ սպաննուեցաւ Դամասկոսի մէջ:
51.Լեւոն Տէմիրճիպաշեան (1863-1926),
ճարտարապետ, օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան 1914-ին:
52.Ոսկան Մարտիկեան (1867-1947), իրաւաբան,
գրող, երզնկացի, փոստի եւ հեռագրատան նախարար (1913-1915), հրաժարական տուաւ 1915-ի Օգոստոսին) եւ փախաւ Գահիրէ:
53.Սարգիս Սուին կամ Սիւնքիւճեան (1870-1915),
պոլսահայ բժիշկ, առողջապահութեան նախարարութեան առաջատար մասնագէտ, լրագրող, աքսորուած եւ սպաննուած 1915-ին:
54.Փափազեան, «Իմ Յուշերը», նշուած
աշխատութիւն, 2-րդ հատոր, էջ 182-183:
55.Նոյն տեղը, էջ 183:
56.Նոյն տեղը, էջ 184: Վահան Փափազեանի յուշերը,
ուրեմն, հիմնական նշանակութիւն ունին այս գործի ուղնուծուծը գտնելու համար:
57.Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան
1912-1914 ժամանակահատուածի գործունէութեան տեղեկագիր, նշուած աշխատութիւն, էջ 49:
58.Պօղոս Նուպար փաշա (1851-1930), ճարտարագէտ,
Եգիպտոսի երկաթուղագիծի տնօրէն, ՀԲԸՄ-ի (1906) հիմնադիրներէն:
Օգտագործուած Աղբիւրներու Ցանկ