ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Página 170

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը

(ՀԲԸՄ) Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիրն է: Այս գործի հրապարակումը կարելի դարձաւ ՀԲԸՄ-ի օժանդակութեամբ:

ՀԲԸՄ-ը աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, որ հիմնուած է 1906-ին: Կեդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։ ՀԲԸՄ-ը կը սատարէ հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին ու մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները կ'ընդգրկեն տարեկան աւելի քան 400,000 հայեր, աշխարհի տարածքին։

ՀԲԸՄ-ի եւ անոր աշխարհասփիւռ գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնաք այցելել հետեւեալ կայքէջը՝ www.agbu.org:

Այս գիրքը մուլթիմետիա տարբերակն է «Դար Մը Պատմութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հատոր 1, 1906-1940»։ Գիրքի համահեղինակներն են` Ռէյմոնտ Յ. Գէորգեան եւ Վահէ Թաշճեան: Գիրքը հրատարակուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հարիւր ամեակին առթիւ (1906-2006):

• Փարիզի Նուպարեան գրադարանէն՝ Պորիս Աճեմեան օգնեց, որ մեր տրամադրութեան տակ ըլլան գիրքի բնօրինակը եւ լուսանկարները:

• Բջիջային ոլորտի ձեռներէց Պեն Թոքըրը ( ԱՄՆ, Սան Ֆրանսիսքօ) իր խորհուրդներով եւ յանձնարարութիւններով նպաստեց ել. գիրքերու տեղադրմանը՝ տարբեր հարթակներու վրայ:

Joomag Digital Publishing Solutions-ը օժանդակեց իրականացնելու

ել. գիրքի browser եւ mobile տաբերակները:

Շնորհակալիք