ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 168

ՀՀՀ-ի մուլթիմետիա ել. գիրքերու շարքը ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի նորարարական վերջին նախաձեռնութիւններէն է:

Առցանց լսարանէն մինչեւ ընթերցողներու լայն շրջանակին մատչելի դառնալու համար, ՀՀՀ-ը կը ներկայացնէ ել. գիրքերու նոր շարք մը, որ հասանելի է web browser-ներու եւ tablet-ներու միջոցով: Ել. գիրքերու շարքը կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմութիւնը, մշակոյթը, զբօսաշրջութիւնը եւ կ’ընդգրկէ ժամանակակից նիւթեր՝ տնտեսութեան, քաղաքականութեան, ժողովրդային մշակոյթի եւ այլ արդի նիւթերու մասին:

Հանրամատչելի լեզուով եւ ոճով, բայց միեւնոյն ժամանակ ակադեմական ճշգրտութեամբ պատրաստուած ել. գիրքերը կը բաւարարեն ընթերցողներու հետաքրքրութիւնը եւ կը ծառայեն իբրեւ գիտական աղբիւր: Բաղդատական մօտեցումին շնորհիւ, ել. գիրքերը գրաւիչ են բոլոր անոնց, որոնք Հայաստանի մասին գիտելիք ստանալու զուգահեռ կ’ուզեն ծանօթանալ համաշխարհային մշակոյթին եւ պատմութեան մեր բերած նպաստին: Պատումները հարուստ են պատկերներով, տեսանիւթերով, ժամանակացոյցերով եւ քարտէզներով:

ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու շարքը մատչելի է: Կրնաք անվճար ներբեռնել քանի մը վայրկեաններու ընթացքին:

ՀՀՀ-ի Ել. Գիրքերու Շարքի Մասին