ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 93

3.7 Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան Ազգային Ակադեմական Թատրոն

Երեկոյեան Գաբրիէլ Սունդուկեանի Անուան Ազգային Ակադեմական Թատրոնի մէջ կրնաք ներկայացում մը դիտել: Թատերասրահի

մուտքին դիմաց արդի Երեւանի ամենահին զբօսայգիներէն՝-Անգլիական Զբօսայգին է,-որ գոյութիւն ունի 1860-էն ի վեր եւ

նշանաւոր է որպէս առաջին ֆութպօլային մրցումի

հիւրընկալ՝1920 թուականին: Տեղակայուած Իտալական փողոցին վրայ, զբօսայգին շրջապատուած է Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ դեսպանատուներով,

ինչպէս նաեւ ՛՛Լաւագոյն Արեւմտեան Քոնկրէս՛՛ Հիւրանոցով: Սեւըն Ճաշարան եւ թէյարանը , հաճելի վայր մըն է ճաշելու կամ

խմիչք մը առնելու համար: Թեթեւ ընթրիք մը ըրէք, բաժակ մը լաւ

գինիով, կամ վայելեցէք յատուկ ձեզի համար պատրաստուած քոքթէլները: Կլկլակ սիրողները կրնան լայն տեսականի մը գտնել Մետուզա Շիշա (Meduse Shisha )-ի մէջ:

Հայկական Թատրոնը

Հայկական թատրոնի պատմութիւնը աւելի քան երկու հազար տարի անցեալ ունի: Յոյն պատմաբան Պլուտարքոս պահպանած է պատմութիւն մը իր Բաղդատական Կենսագրութիւններուն մէջ, թէ ինչպէս Ն.Ք.70 թուականին, Հայաստանի Մեծն Տիգրան թագաւորը (95-55 Ն.Ք.) բացած է առաջին ժողովրդական թատրոնը Տիգրանակերտի մէջ: Պլուտարքոս նաեւ կը հաստատէ, թէ Ն.Ք. 53 թուականին, Եւրիբիտեսի «Բագոսուհիներ»ը կարդալ աւելին

- Հրազդան Գետի Շրջանը

Շրջապտոյտ 3

3.1 Կապոյտ Մզկիթ

3.2 Ս. Սարգիս Եկեղեցի

3.3 Փարաճանովի Թանգարան ParkMatenadaraCascade

3.4 Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր եւ Թանգարան

3.5 ԱՐԱՐԱՏ քոնեաք /ՆՈՅ քոնեաք

3.6 Երեւանի Պատմութեան Թանգարան

3.7 Սունդուկեան Թատրոն