3.5 Երեւանի Քոնիաքի Գործարան
Ազնուական խմիչք սիրողները պէտք է պտոյտ մը կատարեն դէպի Երեւանի Քոնիաքի Գործարան , ուր կ՚արտադրուի Արարատ քոնիաքը։ Երբ այցելէք գործարանի թանգարանը կը ծանօթանաք ԱՐԱՐԱՏ քոնիաքի աւանդութեան, հայկական
քոնիաքի արտադրութեան պատմութեան եւ կը տեսնէք
նաեւ այս հեղուկ հարստութեան հին տակառները:
Մառանին շուրջ քալելու ընթացքին տակառներկը
տեսնէք, որոնք քոնիաքի գործարանի թանգարան
այցելած նշանաւոր մարդոց անունները կը կրեն: Վայելեցէք իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս մառանը եւ համտեսումի սրահին մէջ ըմբոշխնեցէք պատրաստուած քոնեաքի տեսակները: Արարատ Քոնիաքի Գործարանին դիմաց, Հրազդանի կիրճին հանդիպակած կողմը, սեւ պազալթ քարով
կառուցուած տպաւորիչ շէնք մը կայ, որ ՆՈՅ Քոնիաքի-
Գինիի-Վոտքայի գործարանն է, նշանաւոր եւ յաջող
հայկական ուրիշ քոնիաքի մը արտադրամասը, որ կայ
1877-էն ի վեր: Նոյ-ի գործարանը տեղեկատուական
պտոյտներ կը կազմակերպէ դէպի կառոյցին զանազան բաժինները, ուր կրնաք ծանօթանալ արտադրութեան գործընթացին:
Հայկական Արհեստները Եւ Քոնիաքի Արտադրութիւնը (Տեսանիւթ)
- Հրազդան Գետի Շրջանը
Շրջապտոյտ 3
3.1 Կապոյտ Մզկիթ
3.2 Ս. Սարգիս Եկեղեցի
3.3 Փարաճանովի Թանգարան ParkMatenadaraCascade
3.4 Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր եւ Թանգարան
3.5 ԱՐԱՐԱՏ քոնիաք /ՆՈՅ քոնիաք
3.6 Երեւանի Պատմութեան Թանգարան
3.7 Սունդուկեան Թատրոն