3.4. Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր Եւ Թանգարան
Կառուցուած է 1967-ին։ Հայկական Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը կը գտնուի Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ, Հրազդան գետի աջ ափին։ Յուշահամալիրը կը բաղկանայ Հայկական Ցեղասպանութեան Թանգարանէն եւ Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան Յուշակոթողէն, որ նախագծուած է յարգելու համար յիշատակը Հայկական Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն: Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը բացուեցաւ 1995-ին ։ Նախագծուած է ճարտարապետներ Սաշուր Քալաշեանի, Արթուր Թարխանեանի եւ քանդակագործ Ֆ. Առաքէլեանի կողմէ: Ցեղասպանութեան թանգարանը, ուսումնասիրողներու առջեւ բաց իր արխիւներով, կը նպատակադրէ տարածել հայոց ցեղասպանութեան ըմբռնումը, որպէս կարեւոր քայլ կանխելու ապագայի ցեղասպանութիւններն ու ոճիրները մարդկութեան դէմ: Երկյարկ տպաւորիչ շէնքը, կառուցուած է ուղղակի բլուրի մը կողին մէջ, որպէսզի աննկատ չմնայ
քովն ի վեր բարձրացող Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի ազդեցիկ ներկայութեամբ: Թանգարանը կը նայի Արարատեան հովիտին եւ Արարատ լերան: Առաջին յարկը գետնի տակ է, ուր դասաւորուած են տնօրէնութեան, երկրաչափական եւ ճարտարագիտական պահպանութեան գրասենեակները, ինչպէս նաեւ Կոմիտաս Դահլիճը, որ 170 նստատեղ ունի: Այստեղ են նաեւ թանգարանի արուեստի գործերու եւ գիտական կազմածներու պահեստանոցները, ինչպէս նաեւ ընթերցարանն ու գրադարանը: Թանգարանի ցուցասրահը տեղադրուած է երկրորդ յարկին վրայ, եւ ունի մօտ 1000 քմ/10,764 ք. ոտք մակերես։ Թանգարանը առաջնորդութեամբ շրջապտոյտներկը կազմակերպէ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն լեզուներով:
Ցեղասպանութեան Թանգարան այցելութիւնը մաս կը կազմէ ՀՀ պետական պաշտօնական արարողակարգի:
- Հրազդան Գետի Շրջանը
Շրջապտոյտ 3
3.1 Կապոյտ Մզկիթ
3.2 Ս. Սարգիս Եկեղեցի
3.3 Փարաճանովի Թանգարան ParkMatenadaraCascade
3.4 Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր եւ Թանգարան
3.5 ԱՐԱՐԱՏ քոնեաք /ՆՈՅ քոնեաք
3.6 Երեւանի Պատմութեան Թանգարան
3.7 Սունդուկեան Թատրոն