ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 84

Շրջապտոյտ 3 Հրազդան Գետի Շրջանը

Շրջապտոյտ 3-ը կը ծածկէ Հրազդան Գետի շրջանը: Ան սկիզբ կ՛առնէ կարեւոր սրբատեղիներէ, ինչպէս Պարսկական Մզկիթը եւ Սբ. Սարգիս Հայ Առաքելական Եկեղեցին: Նաեւ կ՛ընդգրկէ այլ տեսարժան վայրեր, ինչպէս ականաւոր հայ ֆիլմի բեմադրիչ եւ նկարիչ Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանը, ապա կը շարունակէ յայտնաբերել Հրազդան գետի ձախ ափը: Գետի աջ ափով կը հասնիք Ծիծեռնակաբերդի բլուրը, որուն վրայ կը գտնուի հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը: Անկէ ետք երթը կը շարունակուի դէպի Արարատ եւ Նոյ քոնիաքի գործարանը: Շրջապտոյտը կ՛աւարտի այցելելով Երեւանի Քաղաքապետի գրասենեակն ու Երեւանի Պատմութեան Թանգարանը: