ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 75

Շրջապտոյտ 2

Վերին Երեւան

Շրջապտոյտ 2-ը կը հետազօտէ վերին Երեւանը: Ան սկիզբ կ՛առնէ քաղաքի կեդրոնէն վեր գտնուող բլուրներուն վրայի Յաղթանակ Այգիէն, ուրկէ քաղաքին եւ Արարատ լերան վրայ կախարդական տեսարան մը կը բացուի։ Պտոյտը կը շարունակուի Քասքատի մէջէն, որ բացօթեայ հսկայ աստիճանաւոր համալիր մըն է, ուրկէ կ՛առաջնորդուիք վերին շրջանը: Մատենադարանը, Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնը, Ազատութեան Հրապարակը եւ նորակառոյց Հիւսիսային Պողոտան յայտագիրէն մաս կը կազմեն։