ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 66

Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահը Հայաստանի ամենամեծ պատկերասրահն է եւ կը ցուցադրէ ազգային ու կիրառական գեղանկարչութիւն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մշակոյթը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Եւրոպական, ռուսական, հայկական եւ արեւելեան արուեստի ցուցասրահներուն մէջ այցելուները կրնան տեսնել հանրայայտ արուեստագէտներու աշխատանքները:

Պատմութեան Թանգարան

Պատմութեան Թանգարան

Զբօսավարի ուղեկցութեամբ ծանօթացէք Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին եւ Ազգային Պատկերասրահին ։

Երկուքն ալ

Հանրապետութեան

Հրապարակին վրայ

են՝ միեւնոյն ընդարձակ

շէնքին մէջ: Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանը

կը ներկայացնէ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի ամբողջական պատկերը՝հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Կը ներկայացնէ նաեւ հին շրջանի Հայաստանի ունեցած միջ-մշակութային կապերը, Եգիպտոսի, Ասորեստանի, Պարսկաստանի,

Հռովմէական կայսրութեան

եւ այլ պետութիւններու հետ:

1.2Պատմութեան Թանգարան/ Ազգային Պատկերասրահ

Երեւանի Կեդրոնը

Շրջապտոյտ 1 -

1.1 Հանրապետութեան Հրապարակ

1.2 Պատմութեան Թանգարան / Ազգային Պատկերասրահ

1.3 Ազնաւուրի Հրապարակ ParkMatenadaraCascade

1.4 Վերնիսաժ

1.5 Սասունցի Դաւիթ Հրապարակը

1.6 Էրեբունի Թանգարան