Շրջապտոյտ 1–
Երեւան Քաղաքի Կեդրոն
Շրջապտոյտ 1-ը կը նկարագրէ եւ կը բացատրէ զբօսաշրջութեան տեսարժան վայրերը Երեւանի կեդրոնին մէջ։ Սկիզբ կ՛առնէ Հանրապետութեան Հրապարակէն, Երեւանի կեդրոնին մէջ, ուր կրնաք ըմբոշխնել արդի հայկական ճարտարապետութեան պայծառ արտայայտութիւններէն մին: Շրջապտոյտը կ՛առաջնորդէ ձեզ դէպի Պատմութեան Թանգարան եւ Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ, Շառլ Ազնաւուրի հրապարակը եւ Վերնիսաժ՝ բացօթեայ տօնավաճառը: Պտոյտը կը շարունակուի դէպի Սասունցի Դաւիթ հրապարակը, Արին Բերդ բլուրը, որուն վրայ հիմնուած է Երեւանը, ապա կը հասնի Էրեբունի պատմական-հնախօսական թանգարան-պահեստանոցը: Շրջապտոյտը կ՚առաջարկէ, որ ձեր օրը աւարտէք Յակոբ Պարոնեանի անուան Երաժշտական Կատակերգութեան թատրոնի մէկ ներկայացումը դիտելով: