Սեպտեմբեր 21. – 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, Խորհրդարանի որոշումով տեղի ունեցաւ հանրաքուէ՝ ԽՍՀՄ կազմէն անջատուելու եւ անկախ պետութիւն հռչակելու համար: Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան Անկախութեան Օրը կը նշուի 70 տարի խորհրդային համակարգի մաս կազմելէն ետք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան վերականգնումը:
Հոկտեմբեր . - Թարգմանչաց տօնը եկեղեցական տօն է, որ տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրը: Տօնը նուիրուած է հայ գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչի
առաջին թարգմանութեան, թարգմանիչնե -
րուն եւ թարգմանական աշխատանքին։
Հոկտեմբեր . - Երեւանի Օրը կը նշուի Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրը: Տօնակատարութիւնը ընդհանրապէս ճանչցուած է որպէս Երեւան-Էրեբունի։ Առաջին անգամ կազմակերպուած է Հոկտ. 1968-ին, Երեւանի հիմնադրութեան 2750-ամեակին առթիւ: Պուրակ մը 2750 ցայտաղբիւրներով կառուցուեցաւ Հանրապետութեան Հրապարակին մօտ:
Տօնակատարութիւնը սովորաբար կը սկսի առաւօտուն, Էրեբունի Ամրոցի Թանգարանէն: Տեղի կ’ունենայ մեծ ներկայացում մը, վերնագրուած «Էրեբունիէն-Երեւան», ինչպէս նաեւ շքերթ, Արգիշտի Արքայի «գլխաւորութեամբ» , որ կ՚ուղղուի դէպի Երեւանի կեդրոնը։ Տօնակատարութիւնը կ’երկարի մինչեւ կէս գիշեր եւ վերջ կը գտնէ համերգով մը Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ:
Դեկտեմբեր 7. - 1988 –ի երկրաշարժի (Սպիտակի
երկրաշարժի) զոհերու յիշատակի օրն է։ Այս երկրաշարժը խլեց տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքը եւ քանդեց հանրապետութեան
ենթակառուցուածքի մեծ մասը:
Հայկական Տօները Եւ Յիշատակի Օրերը
Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ :