ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 27

Բարի Գալուստ Երեւան

Երեւան, Հիմնական Գիտելիքներ .

Եթէ կը ծրագրէք Հայաստան ճամբորդել եւ յայտնագործել Երեւանն ու անոր շրջակայքը, ապա վարը նշուած տեղեկութիւնները կ՛օգնեն կազմակերպելու ձեր շրջապտոյտը այցելութենէն առաջ եւ անոր ընթացքին:

Նախքան ձեր ճամբորդութիւնը ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան

կայքին մէջ ստուգեցէք անձնագիրի եւ վիզայի վերաբերող օրէնքները, քանի որ անոնք որեւէ ժամանակ կրնան ենթակայ ըլլալ փոփոխութեան:

Անձնագիր կը պահանջուի բոլոր այցելուներէն, նոյնիսկ երեխաներէն: ԱՄՆ-ու , Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու, ԱՊՀ-ի եւ այլ երկիրներու քաղաքացիները, որոնց հետ Հայաստանը ունի յատուկ համաձայնութիւններ, կարիք չունին մուտքի վիզայի: Ասկէ զատ, երկիրներ կան, որոնց քաղաքացիները այցելութեան վիզայի դիմումը միայն հրաւէրի հիման վրայ կրնան ներկայացնել Յիշեալ երկիրներու քաղաքացիները ճամբորդութենէ առաջ պէտք է դիմեն

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, կամ հիւպատոսարան: Սակայն տուեալ երկիրներու հայ քաղաքացիները ենթակայ չեն այս սահմանափակման, այլ կրնան վիզայի դիմում կատարել առանց հրաւէրի, երբ Հայաստան հասնին:

Վիզան կարելի է ստանալ երկիր ժամանելէ անմիջապէս ետք, օրուան որեւէ ժամուն, Զուարթնոց Միջազգային Օդակայանի վիզաներու տուչութեան եւ գրանցումի շուրջօրեայ կէտերէն: Վիզայի վճարումը պէտք է կատարուի միմիայն Հայկական Դրամով: Դիւրութեան համար ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կարելիութիւն ստեղծած է առցանց ելեքթրոնիք կամ e-visa –, ստանալ նախօրօք: Ել- Վիզան սովորական վիզայի մը արտօնութիւնները կ՛ընձեռէ, սակայն առանց կնիքի, կամ դրոշմանիշի ՝ անձնագիրին մէջ:

Փ. Ուիլիըմ- Երջանկութիւն (Մենք Երեւանէն Ենք) (Տեսանիւթ)

Երեւան (Տեսանիւթ)