ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 175

Շնորհակալիք

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը

(ՀԲԸՄ) հիմնադիրն է Հայկական Համացանցային Համալսարանին։ Այս գործին զարգացումն ու հրատարակութիւնը կարելի

դարձաւ ՀԲԸՄ-ի օժանդակութեամբ։

Հետեւեալ կազմակերպութիւններն ու անհատները իրենց ցուցմունքներով, թելադրութիւններով , գործնական գիտելիքներու եւ լսողա-տեսողական նիւթերու տրամադրումով օժանդակեցին ել. գիրքի մէջտեղ գալուն.

• Երեւանի Քաղաքապետարանը նպաստած է բովանդակութեան ընդհանուր ուղղորդման , ինչպէս նաեւ տրամադրած է կարգ մը լուսանկարներ, օգտագործելու համար ել. գիրքին մէջ, որոնց մէջ էր Երեւանի Մեթրօբոլիթենի նախագիծը։

•ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարութեան Զբօսաշրջութեան

Բաժանմունքը նոյնպէս օժանդակեց գիրքի

բովանդակութեան՝ ընդհանուր

ուղղորդումով, ինչպէս նաեւ տրամադրեց

տեսանիւթեր՝ արխիւներէն ։ Գիրքի մէջ օգտագործուած են նաեւ հատուածներ

Transglobe եւ Buzz TV

հեռուստաընկերութիւններու պատրաստած «Հայաստան՝ Նոյի Երկիրը» ֆիլմէն ։

• -Joomag Digital Publishing Solutions-ը օժանդակեց

իրականացնելու Ել. գիրքի Browser եւ Mobile տարբերակները։

• Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինը տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ տրամադրեց Էջմիածինի ներգործօն քարտէզի պատրաստութեան համար։

• Բջիջային առեւտրային ոլորտի ձեռներեց՝ Պեն Թոքըրը (ԱՄՆ, Սան Ֆրանսիսքօ), իր խորհուրդներով եւ յանձնարարութիւններով նպաստեց Ել.գիրքի տեղադրմանը, տարբեր հարթակներու վրայ։

• The Enterprise Development & Market Competitiveness ծրագիրը (EDMC), օժանդակեց ընդհանուր ուղեցոյցով, նաեւ տրամադրեց լսողա-տեսողական նիւթեր, Ել. գիրքին մէջ օգտագործելու համար։

• « Հայաստանի Լեռնագնացներու Ակումբ»ը գործնական տեղեկութիւններով եւ թելադրութիւններով օժանդակեց Ել. գիրքի լեռնագնացութեան բաժինի մշակման։