Ցանկութեան Ծառեր
Ցանկութեան ծառը կը համարուի ցանկութիւններ իրականացնող ծառ մը։ Հեթանոսական շրջանէն, այսպիսի ծառերը Հայաստանի մէջ կը նկատուին հոգեւոր կամ կրօնական արժէք ունեցողծառեր: Մարդիկ
կը հաւատան, որ երբ ծառի ճիւղին թաշկինակ կապեն, Աստծուած կը կատարէ իրենց
ցանկութիւնը: Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ կրնանք տեսնել ցանկութեան ծառեր, ինչպէս՝ Ազատ գետի կիրճի, Ամբերդի եւ Գեղարդի վանքերու մօտ: Ընդհանրապէս, այդ ծառերը կը գտնուին եկեղեցիներու, վանքերու եւ մատուռներու մօտ, յաճախ՝ ջրային հոսանքի կամ գետի հունին կից: Առ այսօր պահպանուած աւանդոյթը, գոյութիւն ունի, նաեւ, բրիտանական կղզիներու մէջ: Այս աւանդութիւնը պահպանող ուխտագնացութեան տեղեր կան կելտական ցեղերով բնակեցուած վայրերու, յատկապէս՝ Սքոդլանտայի եւ Իռլանտայի մէջ։
- Երեւանի Հարաւ-Արեւելեան Կողմը
Շրջապտոյտ 6
6.1 Խոր Վիրապ
6.2 Դուին
6.3 Գառնի
6.4 Գեղարդ