- Երեւանի Հարաւ-Արեւելեան Կողմը
Շրջապտոյտ 6
6.1 Խոր Վիրապ
Շրջագայութիւնը պէտք է սկսիլ Խոր Վիրապի վանքէն (642), որ զբօսաշրջիկներու սիրած վայրերէն մէկն է եւ կը գտնուի Երեւանէն 40 ք.մ./24.8 մղոն դէպի հարաւ ու ներկայ Արտաշատէն (Արարատի մարզ) ՝ 12 ք.մ./7.5 մղոն հեռաւորութեան վրայ: Բարձր բլուրի վրայ կանգնած Խոր Վիրապէն, Արարատ լեռը հիանալի կ՚երեւի։ Տրդատ Գ հայոց թագաւորը այս վանքին մէջ 13 տարի բանտարկած է Ս.Գրիգոր Լուսաւորչը: Երբ թագաւորը կը հիւանդանայ խոզակերպութեան ախտով, քոյրը՝ Խոսրովիդուխտը, երազ մը կը տեսնէ, թէ միայն Ս. Գրիգորը կրնայ բուժել թագաւորը։ Այս իսկ պատճառով Ս. Գրիգորը ազատ կ՚արձակուի։ Բուժուելէ ետք, հայոց թագաւորը կ՚ընդունի քրիստոնէութիւնը:
6.1 Խոր Վիրապ
6.2 Դուին
6.3 Գառնի
6.4 Գեղարդ